Մոսկուայի Մէջ Նշած են Հայոց Բանակի 28-ամեակը (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ իրականացած է Հայոց բանակի 28-ամեակին նուիրուած տօնական երեկոյ, որուն ներկայ եղած են ռուս քաղաքագէտներ, վելուծաբաններ, ազատամարտիկներ, համայնքի անդամներ: Այս մասին կը հաղորդէ Aparaj.am-ը։ Ձեռնարկին մասնակցած է ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

«Այն բանակը, որուն միջոցով մենք կրցած ենք ձեռք բերել մեր յաղթանակը, որմով ողջ մեր սերունդը կը հպարտանայ, այդ նոյն բանակով պէտք է կարենանք յաղթանակը պահել: Կարեւոր է, որ յաղթանակը պահելու գիտակցութիւնը ունենան բոլորը: Բանակը մեր սրբութեան սրբոցն է՝ ըստ էութեան, մեր միասնականութիւնը ապահովող պետական բացառիկ կառոյցն է, որ միշտ ամենաբարձր վարկանիշը ունի եւ ատիկա պատահական չէ։ Այդ առումով մենք պէտք է բանակը պահենք ոչ միայն իբրեւ մեր լինելիութեան գրաւական, այլ նաեւ մեր ապագան կանխորոշելու եւ մեր նուաճումները սերունդներուն փոխանցելու երաշխիք»,- ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսէսեան վստահեցուցած է, որ ջանք պիտի չի խնայեն տօնին խորհուրդը ճիշդ կերպով փոխանցելու համար․ «Նմանատիպ տօներու հայեցի ոճով նշումը եւ արժեւորումը մեծապէս ունի նաեւ դաստիարակչական նշանակութիւն։ Այսօր հայրենիքէն դուրս մեր երիտասարդները եւ պատանիները կարիք ունին եւ կարօտ են նման դաստիարակութեան, բայց անիկա պէտք է մատուցուի մաքրամաքուր կերպով եւ այսօր մեր խումբը ջանք չէ խնայած զայն ներկայացնելու իբրեւ ազգային, մշակութային արժէք, որ պիտի կրեն եւ շարունակեն հայոց բանակի զօրացման գործընթացը»։

Ռուս փորձագէտ Իվան Գոնովալովը նշած է՝ սահմանափակ միջոցներով լաւ զինուժ ունենալու Հայաստանի կամքը տպաւորիչ է եւ օրինակելի․ «Հայկական բանակը ապացուցեց իր մարտունակութիւնը ռազմի դաշտի վրայ, եւ այժմ ալ շատ կարեւոր է, որ այդ մարտունակութիւնը կը պահպանուի, կը զինուի բանակը, յաղթանակէն ետք չի տկարանար՝ ինչպէս յաճախ կ՝ըլլայ։ Հայոց բանակը կը պատրաստուի եւ շատ բաներով օրինակ է ոչ միայն յետխորհրդային տարածքին, այլեւ ողջ աշխարհի բանակներուն համար»։

Բոլորը չէ, որ կը յաջողին այս տեսանկիւնէն՝ ընդգծած է ռուս փորձագէտը։