Միջազգային Գիտաժողով՝ «ՀՅ Դաշնակցութեան Տեղն ու Դերը Արցախում Պետականութեան Վերակերտման Գործում» Թեմայով

Հայաստան, Սփիւռք

Յարգելի՛ գործընկերներ,

2020 Փետրուար 13-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ «ՀՅ Դաշնակցութեան տեղն ու դերը Արցախում պետականութեան վերակերտման գործում» թեմայով միջազգային գիտաժողով՝ նուիրուած ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախ վերադարձի 30-ամեակին:

Մասնակցութեան յայտերը կ՝ընդունուին մինչեւ 2020 Փետրուար 5` հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով aparajkk@yahoo.com:

Գիտաժողովին կարելի է մասնակցիլ առկայ եւ հեռակայ ձեւով: Աշխատանքային լեզուներն են՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն: Գիտաժողովի արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի հրատարակուի գիտական աշխատանքներու ժողովածու:

Գիտաժողովի զեկուցաբերներուն կեցութեան ծախսերը պիտի հոգայ կազմկոմիտէն:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել հետեւեալ թիւին՝ +37447953843:

 

Յարգանքներով՝  ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէ գիտաժողովի կազմկոմիտէ