
Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնին Մէջ Բացուեցաւ Արմենակ Ուրֆանեանի Անուան Դահլիճ
Յունուար 28-ին՝ Արմենակ Ուրֆանեանի ծննդեան օրը, Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնին մէջ բացուեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոս Արմենակ Ուրֆանեանի անուան դահլիճը:
Բացումը կատարեց Ուրֆանեանի մայրը` Համեստ Ուրֆանեանը, որուն Երեւանի Պետական Բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրատեան եւ կեդրոնի տնօրէն Հայկուհի Մինասեան յուշանուէր-վզնոց նուիրեցին: Ներկայ էր նաեւ ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը։
Ապրիլի սկիզբը Զինուորի տան այգիին մէջ պիտի տնկուի Արմէնակ Ուրֆանեանի սիրելի ծառը` բալենին:
Դահլիճը նորոգուած է «Իմ քայլը» հիմնադրամի աջակցութեամբ: