Իտալացի Պատգամաւորը Անդրադարձած է Պաքուի Մէջ Իրագործուած Հայերու Ջարդերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Պաքուի մէջ հայերու ջարդերու 30-ամեակին առիթով՝ Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ ելոյթ ունեցած է պատգամաւոր Ճուլիօ Չենդեմերոն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ուղիղ 30 տարի առաջ` 1990 Յունուար 13-19, Պաքուի մէջ իրականացուեցան այնտեղ բնակող հայերու կոտորած եւ տեղահանութիւն` ազգային պատկանելիութեան հիմքով: Ջարդերը կազմակերպուած էին Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատին կողմէ եւ հովանաւորուած` տեղի իշխանութիւններուն կողմէ:

Թէեւ 1988 Սումգայիթի իրադարձութիւններէն ետք այդ նախկին խորհրդային հանրապետութեան տարածքին մէջ բնակող հայերուն մեծ մասը որոշած էր լքել իրենց տուները, այնուամենայնիւ, 1990-ի սկիզբը այնտեղ դեռ կը բնակէին 35-40 հազար հայեր` շատ աւելի քիչ, քան 80-ականներու վերջը արձանագրուած 300,000 հայ բնակչութիւնը:

Ջարդերու զոհերու ստոյգ թիւը հնարաւոր չէ եղած հաշուել, որովհետեւ տեղի իշխանութիւնները կը փորձէին կոծկել փաստերը: Ըստ որոշ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու` բռնութիւններու զոհ դարձած է աւելի քան 450 մարդ: Հազարաւոր բնակիչներ կորսնցուցած են իրենց ողջ գոյքը, որոշ ականատեսներու վկայութեամբ այդ բռնարարքներու զոհ դարձած են նաեւ բազմաթիւ հրեաներ, ռուսեր եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ միայն այն պատճառով, որ արտաքնապէս նման եղած են հայերու: Ջարդերէն փրկուածները, իբրեւ փախստականներ, ապաստանած են աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` համալրելով Սփիւռքը:

Պատմութեան ընթացքին Պաքուի մէջ հայերու ջարդեր տեղի ունեցած են առնուազն 3 անգամ` 1905, 1918, 1990 թթ.: Եւրոպական խորհրդարանը 1988, 1990 եւ 1991թթ. ընդունած բանաձեւերով դատապարտած է հայերու նկատմամբ իրականացուած ջարդերը: Ջարդերը եւ անոնց հետեւանքները 2002-ին արձանագրած է ԱՄՆ փախստականներու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Պիլ Ֆրելիքը: 1990 թ. Յուլիս 27-ին «New York Times»-ի մէջ հրապարակուած է բաց նամակ` ուղղուած միջազգային հանրութեան, որ ստորագրուած էր Եւրոպայի, Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի 133 նշանաւոր գիտնականներու եւ իրաւապաշտպաններու կողմէ, որոնք բողոքի ձայն կը բարձրացնէին Պաքուի մէջ հայերու սպանութիւններուն եւ ջարդերուն դէմ:

Նշուած յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ պատմութեան միւս բոլոր յանցագործութիւնները անհրաժեշտ է յիշել եւ երբեւէ չթաքցնել որեւէ քարոզչութեան միջոցով, որպէսզի մարդկութիւնը յիշի անոնց մասին, եւ նման իրադարձութիւնները այլեւս չկրկնուըն:

Շնորհակալութիւն, պարոն նախագահ»: