Դաշնակցութեան Օրը

Յօդուածներ – Զրոյցներ
«Գանձասար»-ի խմբագրական
Դաշնակցութեան օրուան յիշատակումը տօնական հանդիսութիւններու սահմաններէն դուրս հանելով, հայկական մեր կեանքին դաշնակցականի հայեացքով նայելու, դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմնական տարրերուն գործնականացման հսկելու եւ երիտասարդ տարրը մեր ազգային արժէքներուն հաղորդակից պահելու առիթ պէտք է հանդիսանայ նաեւ, հեռու գովասանքի ու փառաբանանքի կրկնուող խօսքերէն, զորս պատմութեան էջերուն մէջ անմահացած են արդէն:
ՀՅԴ գաղափարաբանութեան հիմնական տարրը ազատութիւնն է, մարդ անհատին եւ ազգային մեր հաւաքականութեան ազատ գոյատեւելու իրաւունքը: Ազատութենէն կը ծնին գաղափարաբանութեան մնացեալ տարրերը անկասկած:
Այդ ազատութեան մէջ է որ կը ծաղկի միտքը, կը զարգանայ քաղաքակրթութիւնը, կը ստեղծագործէ մարդը: Հաւաքականութեան մը ընկերատնտեսական եւ քաղաքական ազատութիւնը եւս հիմքը կը կազմեն անոր զարգացման: Այս իսկ պատճառով մեր երկիրը աշխարհակալութիւններու ազդեցութենէն առաւելագոյնս զերծ պահելու եւ անոր ինքնորոյն զարգացման բացարձակ եղանակը հաստատելու մարտնչումը պէտք է ըլլայ նաեւ ազատութեան համար մղուող պայքարին առաջնային նպատակը:
Մարդուն, քաղաքացիին հիմնական ազատութիւններուն կաշկանդումը ոչ միայն կը դանդաղեցնէ, այլեւ կը խամրեցնէ անոր յառաջընթացը, հետեւաբար նաեւ երկրին ու ազգին զարգացումը:
Ու եթէ չտքնինք պահպանելու այդ ազատութիւնը ամէն մակարդակներու վրայ, մեր գործով չստեղծենք ազատ զարգանալու եղանակը, ուրեմն թերացած ենք ազատութիւն հասկացութիւնը լիարժէքօրէն ըմբռնելու իմաստով:
Քաղաքական կեանքի մէջ եւս պէտք է պաշտպանել ազատ գործելու եւ արտայայտուելու իրաւունքը ու չտարուիլ մերթ ընդ մերթ գլուխ ցցող ճնշումներով:
Երկրորդ կարեւոր հրամայականը ազգային մեր արժէքներու պահպանումն է, այլ խօսքով՝ այդ արժէքներով սնանող երիտասարդութեան ներգրաւումն է:
Ներկայ աշխարհակալութիւնները կը ձգտին ամէն գնով պարպել ազգերը իրենց էութենէն, իրենց արժէքներէն, դիւրաւ տիրելու անոնց ազգային հարստութեան ու տարածելու իրենց ըմբռնումները, իրենց մշակոյթն ու արժէքները, ապա նաեւ իշխելու ոչ թէ սոսկ հողին, հարստութեան, այլ մարդուն ու անոր մտքին:
Դաշնակցութեան օրուան յիշատակումը պէտք է դառնայ այսպիսի արժէքներու առնչուած երիտասարդութեան ազգային կեանքի մէջ ներգրաւման նոր մեկնարկ մը, թարմ ուժերով համալրելու ՀՅԴ շարքերը ու ժամանակակից գաղափարներու դրօշակիր երիտասարդներուն առջեւ լայն բանալու կուսակցական գործի դաշտը:
Այս բոլորը պատգամներով, լոկ խօսքերով կարելի չէ պահպանել: Գործի լծուելու հրամայականով պէտք է իմաստաւորել տօնի, յիշատակումի իւրաքանչիւր առիթ, ներքին եւ հրապարակային քննարկումներուն դաշտը բաց պահելով: