
Հայաստանի Վրայ Յարձակելու Թուրքիոյ Ծրագիրը Ի Զօրու Կը Մնա՞յ. Փայլան
Վերջերս բացայայտուած էր, որ Թուրքիա 2001ին Հայաստանի դէմ ռազմական օդային գործողութեան ծրագիր մը մշակած էր, կը հաղորդէ “Էրմէնիհապեր”-ը։
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Տիգրանակերտը ներկայացնող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրաւոր հարցադրում մը ներկայացուց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարին՝ պահանջելով պատասխանել Հայաստանի դէմ ռազմական հաւանական գործողութեան ծրագիրին վերաբերեալ շարք մը հարցումներու:
Փայլան կը նշէ, որ Հայաստանի վրայ թրքական յարձակումի մը ծրագիրին մասին տեղեկութիւնները անհանգստացուցած են Հայաստանի ժողովուրդը եւ հետեւեալ հարցումները կը հասցէագրէ նախարարին.
- Արդեօք Թուրքիոյ զինուորական ուժերը նման փաստաթուղթ ունի՞ն: Նշեալ ծրագիրը ի զօրու կը մնա՞յ:
- Վերոնշեալ ծրագիրը ի՞նչ հիմնաւորումով եւ ի՞նչ նպատակով կազմուած է:
- Ջանքեր պիտի տանի՞ք Հայաստանի ժողովուրդին մօտ այս պնդումներուն իբրեւ հետեւանք յառաջացած անհանգստութիւնը մեղմացնելու եւ խաղաղութեան ուղղուած ակնկալիքները վերականգնելու համար: