Լոնտոնի Մէջ Բացուած է Աղթամարի Սբ. Խաչ Եկեղեցւոյ Լուսանկարներու Ցուցահանդէսը

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինը՝ «Յայտնի կը  դառնան Անատոլիոյ (Արեւմտեան Հայաստան-խմբ.) թաքնուած յուշարձանները» նախագիծին ծիրէն ներս՝ Լոնտոնի մէջ բացած է Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարներու ցուցահանդէս: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Ցուցահանդէսին, որուն բացումը տեղի ունեցած է Լոնտոնի «Noho Showrooms» ցուցասրահին մէջ, ներկայ եղած են Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքի տեղապահ Սահակ Մաշալեանը, Պոլսոյ հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն եւ հայկական ու թրքական համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներ: Բացման ընթացքին ցուցադրուած է Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մասին պատմող տեսանիւթ:

Ելոյթ ունեցած է Սահակ Սրբազանը՝ նշելով, որ ժամանակին ներկայ եղած է նաեւ հայկական քաղաքակրթութեան մէկ մասը համարուող, 1000-ամեայ պատմութիւն ունեցող Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ լուսանկարներու` սթամպուլեան եւ Նիւ Եորքեան ցուցադրութեան:

«Այն ժամանակ կը մտածէի, որ այս ցուցահանդէսը պէտք է աւելի շատ մարդոց հասանելի ըլլայ: Մեր իղձը կատարուեցաւ, եւ այսօր, Լոնտոնի մէջ եւս ցուցահանդէս բացուեցաւ»:

Մաշալեան գոհունակութիւն յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմին կողմէ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ եւ միւս պատմամշակութային արժէքով կառոյցներու նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ հայ ժողովուրդի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող Սուրբ Խաչ եկեղեցին թրքական կառավարութեան նիւթականա աջակցութեամբ վերականգնուած էր 2010-ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք՝ հայ համայնքը տարին մէկ անգամ այնտեղ պատարագ իրականացնելու արտօնութիւն ունի:

Սուրբ Խաչ եկեղեցին կառուցուած է  915-921թթ. ճարտարապետ Մանուէլի կողմէ՝ Վասպուրականի թագաւոր Գագիկ Ա-ի հրամանով: