ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Երկրէն Կը Պահանջէ Վերջ Տալ Ատրպէյճանի Նկատմամբ Նպաստաւոր Առեւտրային Քաղաքականութեան

Աշխարհ, Սփիւռք

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը յայտարարարութիւն տարածած է՝ պնդելով, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է վերջ տայ Ատրպէյճանի նկատմամբ դրական իմաստով նպաստաւոր առեւտրային վերաբերմունքին։

Յայտարարութիւնը ուղղուած է ԱՄՆ-ի առեւտրային ներկայացուցչութեան, որուն գործունէութեան ոլորտին մէջ ներառուած են ԱՄՆ-ի առեւտրային օրէնսդրութեան մշակումը, առեւտրային համաձայնագրերու կազմումը, ինչպէս նաեւ արտաքին առեւտրային քաղաքականութեան համակարգումը: Կը նշուի՝ 2020 Յունուար 17-ին մտադրութիւն ունի վերանայելու Պաքուի՝ կողմնակալ ընդհանրացուած համակարգի ծիրէն ներս իր արտադրանքը ԱՄՆ արտահանելու արտօնութեան ընդունելի ըլլալը:

Կը նշուի նաեւ, թէ ծրագրի ծիրէն ներս, աշխարհի 119 երկիր առեւտրային ձեռնտու պայմաններով հազարաւոր ապրանքներ կ՝արտահանէ դէպի ԱՄՆ: Ծրագիրին ներառուած են նաեւ Հայաստանը, Վրաստանն ու Ատրպէյճանը:

Իշխանութիւններուն յղուած նամակով՝ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական գործերով տնօրէն Թերեզա Երիմեան մանրամասնած է, թէ ինչու ԱՄՆ-ն պէտք է վերանայի Ատրպէյճանի նկատմամբ նպաստաւոր առեւտրային վերաբերմունքը:

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ քանի մը պատճառ, ինչպէս՝

Հայաստանը շրջափակելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ համաձայնութիւնը,

Ատրպէյճանի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արդարացումը,

Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ռասիստական քաղաքականութեան դրսեւորումը եւ հայերուն այցագրերու չտրամադրումը: