Ադամանդի Վերամշակման Գործարան՝ Աբովեանի Մէջ

Այլեւայլ, Հայաստան

Աբովեան քաղաքի մէջ, Դեկտեմբեր 2-ին, տեղի ունեցած է «Էյ Դի Էլ Դայմոնդս» ադամանդի վերամշակման նոր գործարանի բացման արարողութիւնը։ Գործարանի պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Գործարանին մէջ կ՝աշխատի 120 ադամանդագործ։ Հիմնադիրները կը խոստանան, թէ այդ թիւը պիտի հասնի մինչեւ 700-ի։ Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը։

Ծրագիրի իրականացման համար կատարուած է 3.5 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ներդրում։ Բաղիրեան եղբայրները համահիմնադիր են։ Արտակ Բաղիրեան ըսած է, թէ կը  նախատեսուի, որ 2020-ին արտահանման ծաւալները հասցուին մինչեւ 100 միլիոն ԱՄՆ տոլարի։

«Մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանը միայն պիտի ըլլայ յաւելեալ արժէք ստեղծելու երկիր։ Տուէք հայուն հնարաւորութիւն, եւ ան գրեթէ անհնարինը կրնայ իրագործել»,- ընդգծած է Բաղիրեան։

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան, իր հերթին, վստահեցուցած է, որ այս ոլորտին մէջ Հայաստանը շուկայի խնդիր չունի։

Հայաստանը եւ Հնդկաստանը ունեն եղբայրական յարաբերութիւններ եւ մշակութային պատմութիւն՝ շեշտելով այս մասին ընկերութեան հնդիկ համահիմնադիր Տոնան Անսալին նկատած է, որ Հայաստանը նախապէս ունեցած է ադամանդագործութեան հրաշալի աւանդոյթներ եւ ինքը համոզուած է, որ այդ ամէնը կրկին կը վերածնուին ու նոր այս հրաշալի գործարանը պիտի ըլլայ ատոր սատարողը.

«Այսօր մենք կը տեսնենք, որ ադամանգագործութեան այդ ճիները կրկին կ՝արթննան եւ վստահ ենք, որ Հայաստանի զարգացող տնտեսութիւնը մեծապէս պիտի օժանդակէ նաեւ այդ ճիւղի զարգացման»,- ըսած է նախարարը։

Ան նկատած է, որ գործարանը համադրած է ժամանակակից ճարտարագիտական հնարաւորութիւնները, հիմնադիրները ունին Հայաստանէն դուրս գործունէութեան փորձ։