Կապանը Ընտրուած է Հայաստանի 2020-ի Երիտասարդական Մայրաքաղաք

Հայաստան

Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքը ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 2020 թուականի երիտասարդական մայրաքաղաք:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմենփրես»-ը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը 2020-ին Կապանի մէջ պիտի իրականացնէ տեղական եւ միջազգային երիտասարդական ծրագիրներ, որոնց մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան համայնքի եւ մարզու երիտասարդներն ու երիտասարդական կազմակերպութիւնները:

2020 թուականի երիտասարդական մայրաքաղաքի կոչումին համար յայտ ներկայացուցած էին Արմաւիր, Կապան, Հրազդան, Գաւառ եւ Գորիս քաղաքները: Յաղթողը որոշուած է կարճ հաղորդագրութեան (sms) քուէարկութեան եւ յայտերու փորձագիտական գնահատման միջոցով:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեանի խօսքով`  կարճ քուէարկութեամբ ամենաշատ ձայները ստացած էր Հրազդան քաղաքը, երկրորդ տեղը՝  Կապանն էր:

«Քուէարկութեան արդիւնքները համադրելով փորձագէտներու կողմէ տրուած գնահատականներուն հետ որոշուեցաւ 2020-ի Հայաստանի երիտասարդական մայրաքաղաք ճանչնալ Կապանը: Ասիկա կը նշանակէ, որ Կապանը պիտի ըլլայ երիտասարդական ձեռնարկներու կեիդրոն, այնտեղ տեղի պիտի ունենան երիտասարդական բազմաթիւ ծրագիրներ»,- ըսած է Լոռեցեան:

Տարուան երիտասարդական մայրաքաղաք մրցոյթի նպատակ ունի նպաստել հանրապետութեան համայնքներու համաչափ զարգացման, խթանել երիտասարդական նախաձեռնողականութեան, երիտասարդական քաղաքականութեան ոլորտին մէջ համայնքներու միջեւ բարեխիղճ եւ գործընկերային յարաբերութիւնները` ինչպէս տեղական եւ հանրապետական, այնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ, խրախուսել համայնքային իշխանութիւնները` տեղական մակարդակի վրայ մշակելու արդիւնաւէտ երիտասարդական քաղաքականութիւն, աջակցելու մարզերու մէջ երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ ենթակառոյցներու զարգացման: