Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային Իշխանութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Նախագահ Սարգսեանին

Հայաստան, Սփիւռք

Երկուշաբթի` 2 Դեկտեմբեր 2019-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային Իշխանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան եւ կարգ մը ազագայիններու, այցելեցին ԱՄԷ պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանին։

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ իր այցելութեան նպատակին մասին՝ անդրադառնալով վերջերս Ապու Տապիի եւ Երեւանի միջեւ իր ներկայութեան ստորագրուած «Արեւային ուժի ընդհանուր հզօրութեան» համաձայնագիրին։ Ան ներկայացուց, թէ երկու երկիրներուն միջեւ կան սերտ ու փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ. մատնանշելով երկու երկիներու գործակցութեան կարեւորութեան մասին։

Սրբազան հայրը իր կարգին Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ընկերակցող պատուիրակութեան եւ հայ համայնքի անունէն ողջունեց ՀՀ նախագահը, մեծ ուրախութիւնը եւ բախտաւորութիւնը յայտնելով թեմէն ներս նոյն տարուան ընթացքին առիթը ունենալու նախագահի երկու անգամ այցելութիւնը, 2019 տարուան սկիզբը եւ աւարտը։ Սրբազան հայրը ամփոփ կետերով ներկայացուց թեմի աշխատանքները եւ յատուկօրէն անդրադարձաւ հայ համայքին վայելած խնամքին ու յարգանքին երկրի իշխանութեան կողմէ, որպէս տիպար, ստեղծագործ, երկրի բարգաւաճութեան ու զարգացման մասնակցող համայնք։

Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հանդիպումը առիթ ստեղծած անդրադառնալու զանազան նիւթերու, որոնց մասին Սարգիսեան իր կարծիքը ու տեսակէտը յայտնած է։ Նշենք, որ հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մհեր Մկրտումեանը եւ դեսպանատան դիւանագիտական կազմը։