Ալեքսիս Օհանեան եւ Սերժ Թանքեան Կը Միանան ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Կոչին

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնի ուղիղ եթերի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմած է աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանին, աշխարհահռչակ հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանին, գործարար, «Reddit» կայքի եւ «Initialized Capital» ընկերութեան համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանին մուտք գործել himnadram.org կայք եւ ամսական 20-23 դոլար նուիրաբերել հիմնադրամին` վստահեցնելով, որ հաւաքուած միջոցներու ծախսելու արդիւնաւէտութիւնը կրկնակի պիտի ըլլայ։

«Ինչպէս կ’ըսէք, Նիկոլ Փաշինեան»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Օհանեանը` արձագանքելով ՀՀ վարչապետի կոչին:

Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ, System of a down խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան եւս ընդունած է Փաշինեանի ուղարկած մարտահրաւէրը:

Թանքեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով ըսած է.

«Ես կ՛ընդունիմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մարտահրաւէրը` հիմնադրամին նուիրաբերել ամսական 23 տոլար: Ես ալ մարտահրաւէր կը նետեմ ընկերներուս` դոկտոր Էրիկ Իսրաելեանին, Վահէ Պերպերեանին եւ Անժելա Սարաֆեանին ամէն ամիս նուիրաբերել 23 տոլար` ինքնաշխատ կրկնուող գործողութեամբ:

Կը կարծեմ, որ գաղափարը հիանալի է` ստեղծել հայերու համաշխարհային ցանց, որոնք կը նուիրաբերեն ոչ մեծ գումար, քան կախուած ըլլալ աւելի փոքր թիւով մարդոցմէ, որոնք մեծ գումարներ կը նուիրաբերեն, եւ կը կրճատուի ընդհանուր նուիրաբերողներու թիւը: Եկէք, ընենք ասիկա»:
Փաշինեան առաջարկած է, որ եթէ 10 միլիոյ հայէն գոնէ 5 միլիոնը տարուան ընթացքին հմինադրամին նուիրաբերէ 200 տոլար, կամ ամիսը 20 տոլար, մենք տարեկան կ՛ունենանք 1 միլիառ 250 միլիոն տոլար։

Յիշեցնենք, որ այս տարի հիմնադրամին նուիրաբերուած է մօտ 10 միլիոն տոլար: