Կառավարութիւնը Կրթութեան Եւ Գիտութեան Ոլորտէն Ներս Վճռական Փոփոխութիւններու Պիտի Դիմէ. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Նոյեմբեր 18-ին, գլխաւորեց խորհրդակցական հանդիպում մը, որ կը վերաբերի Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին օրինագիծին եւ առաջարկուող փոփոխութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ վարչապետի պաշտօնական կայքը։

Փաշինեան դիտել տուաւ, որ նման անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ անկէ, որ նախ Հայաստանի կրթական համակարգին մէջ կան խնդիրներ, կրթական համակարգը չ՛ապահովեր երկրի զարգացումը, նաեւ՝ մեր երկրին, մեր ժողովուրդին, մեր ազգին ձգտումները, որոնք այսօր արդէն ձեւակերպուած են իբրեւ կառավարութեան ծրագիր եւ ռազմավարութիւն, եւ որոնց մասին խօսուած է շատ անգամներ։

Ան շեշտեց, որ այսպէս կարելի չէ շարունակել. «Բնականաբար, մենք ոչ միայն պէտք է խնդիր դնենք համակարգը բարեփոխելու, այլեւ համակարգը պէտք է բարեփոխենք այնպէս, որ ոչ միայն մեր յետագայ բնականոն զարգացումը ապահովուի, այլեւ հնարաւորինս կրճատենք կորսուած ժամկէտը, որովհետեւ մինչ մենք այս ընթացքին կանգնած-մնացած ենք նոյն տեղը, մեղմ խօսքով, այդ ընթացքին կրթական ոլորտէն ներս՝ համաշխարհային առումով՝ տեղի ունեցած են շատ լուրջ փոփոխութիւններ, եւ մենք պէտք է այլ ճանապարհներ ընտրենք այդ կորսուած ժամանակն ու բովանդակութիւնը լրացնելու համար»,- յայտնեց Փաշինեան:

Ըստ վարչապետին՝ կարեւոր է, որ կարենանք իսկապէս շատ արհեստավարժ եւ համապատասխան կողմերու հետ քննարկումի նախաձեռնել եւ լսել բոլոր կարծիքները, անոնց հիման վրայ սրբագրել դիրքորոշումները, առաւել արդիւնաւէտ դարձնել կառավարութեան բարեփոխումները: «Նկատի ունիմ, որ այս ողջ գործընթացին մէջ առանցքային նշանակութիւն պէտք է ունենայ երկխօսութիւնը եւ, բնականաբար, այդ երկխօսութիւնը կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է նոյնպես, որովհետեւ ես համոզուած եմ՝ ցանկացած բարեփոխում, բարեփոխման յաջողութիւն մեծապէս կախուած է նաեւ այն բանէն, թէ այդ բարեփոխման հետ առնչուող հնարաւորինս մեծ թիւով մարդիկ որքանո՛վ ատիկա կը համարեն իրենց սեփականը, իրենց հեղինակայինը»:

«Հետեւաբար, մեր խնդիրն է՝ հեղինակներու շրջանակը հնարաւորինս ընդգծել: Չնայած ասիկա նոյնպէս պէտք է ըսել, որ ՀՀ կառավարութիւնը, որ ունի ՀՀ ժողովուրդին վստահութիւնը եւ աջակցութիւնը, ինքն իրմով կրնայ հեղինակ ըլլալ բոլոր այն պարագաներուն, երբ մենք տեսնենք, որ երկխօսութեան մեր պատրաստակամութիւնը կ՝օգտագործուի ո՛չ թե ընթացքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար, այլ այն պարագային, երբ երկխօսութեան մեր պատրաստակամութիւնը փորձ կ՝ըլլայ օգտագործելու ընթացքը կանգնեցնելու համար: Ասիկա ուղղակի չըլլար, եւ կ՝ուզեմ բոլորս արձանագրենք եւ յստակ երթանք առաջ»,- շեշտեց վարչապետ Փաշինեան: