Սփիւռքէն Դիտած` Համալսարանին Մէջ Հայերէնի Ուսուցումը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ժ. Չ. 

«Նոր Յառաջ»

Հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք համալսարաններուն մէջ հայերէն պարտադիր նիւթերու ուսուցման վերաբերեալ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ շղթայազերծուած քաղաքական ցոյցերուն, որոնք զուտ հայաստանեան ներքաղաքական դիրքային պայքարի բնոյթ կը կրեն: ՀՅԴ-ն` իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ճակատ, կրցաւ անակնկալ կերպով քաղաքական օրակարգի բերել հայաստանեան համալսարանին մէջ հայերէն լեզուի ուսուցման հարցը: Նիւթ մը, որ մօտայիկ չէ, հեռու է յեղափոխական կարգախօսերէ, ինչպէս նաեւ` կաշառակերութեան դէմ պայքարէն…:

Հայերէնի ուսուցման հարցը շատեր կը հետաքրքրէ կամ պէտք է հետաքրքրէ: Եւ ոչ անպայման այն կէտին վրայ, որ ներկայիս կը հետապնդուի իբրեւ քաղաքական հարց: Ան շատ աւելի մեծ շրջագիծ ունի, քան զուտ հայաստանեան համալսարանական ոլորտը: Զօրութենապէս համահայկական հնչեղութիւն ունի: Սփիւռքի եւ Հայաստանի կուսակցական թեւերը իրարու հակադրելու նախարարին ինքնապաշտպանական սխալ քայլը աւելի լարեց իրավիճակը: Սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական միութենական կառոյցներն ալ ներգրաւեց իրեն դէմ:

Եթէ հարցը դիտուի իբրեւ զուտ հայաստանեան համալսարանական ներքին կրթական նախաձեռնութիւն, կրթութեան նախարարութեան որոշումը կը հիմնուի Հայաստանի համալսարաններուն մէջ միջազգային չափանիշները որդեգրելու տարրական տրամաբանութեան վրայ: Հոս դատապարտելի ոչինչ կայ: Ֆրանսական համալսարաններուն մէջ ալ ֆրանսերէն լեզուի ուսուցումը պարտադիր չէ գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ զանազան այլ ուսմանց հետեւող ուսանողներուն համար, բացի լեզուագիտութեան, գրականութեան եւ ընկերային կարգ մը գիտութիւններու ուսումէն: Մինչ այժմ, օտար պետութիւններու մէջ սփիւռքահայ համալսարանական միութիւնները համալսարանի մէջ լեզուի ուսուցման հարցը մասնաւոր ուշադրութեան չեն ենթարկած: Փոխարէնը` սփիւռքի մէջ հայ համալսարանականներու հայագիտութեան մակարդակը պէտք է լուրջ հարցադրումի նիւթ դարձնել:

Սփիւռքի ՀՅԴ երիտասարդական մասնաճիւղերու ներգրաւումը հայաստանեան համալսարանական լեզուային քաղաքականութեան պայքարին մէջ, բնականաբար հարցին կու տայ նոր տարողութիւն եւ առիթը կը ստեղծէ այս նիւթին տալու համահայկական հնչեղութիւն: Իրապէս պիտի ուզէինք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ ՀՅԴ-ն` իբրեւ սփիւռքի մէջ գործող քաղաքական մեծագոյն ուժ, որդեգրէին հայերէն լեզուի ուսուցման համապարփակ քաղաքականութիւն մը, որ ներառէր հայ երիտասարդութեան քաղաքականացումը Հայ դատի օրակարգէն ներս, հետապնդէր հայ համալսարանական երիտասարդութեան համապարփակ հայերէնագիտութեան պահանջ, ո՛չ միայն ներքին քաղաքական հաշիւներէ մեկնած, այլ նաեւ համընդհանուր համահայկական օրակարգի մտահոգութեամբ: Մա՛նաւանդ այս օրերուն, երբ հայկական նոր վարժարան բանալու նախաձեռնութիւնը լքուած է տեղական, յաճախ սահմանափակ կարողութեամբ կազմակերպութիւններու ուսերուն եւ երբ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, առանց քաղաքական, կրթական, մշակութային հետեւանքները նկատի ունենալու` կը փակուին վարժարաններ:

Ֆրանսայի մէջ եւս հայկական դպրոցական համակարգը ինքն իր ճակատագրին լքուած կալուած մըն է: Չէ մտածուած ուղղահայեաց համակարգի մը ստեղծումը` մանկապարտէզէն մինչեւ հայագիտական համալսարան: Ֆրանսան Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ ստեղծած է այդ ուղղահայեաց համակարգը, որուն իր աջակցութիւնը կը բերէ ֆրանսահայութիւնը: Շուտով Երեւանի մէջ պիտի բացուի ֆրանսախօսութեան, ֆրանսական մշակոյթի «Շարլ Ազնաւուր» կեդրոնը: Ցանկալի է, որ հայ համայնքը, ՀՅԴ-ն եւ այլ քաղաքական ուժեր լրջօրէն լծուին հայերէնի ուսուցման ամբողջական համակարգ մը ստեղծելու ծրագիրին: Ֆրանսայի կառավարութիւնը ԻՆԱԼՔՕ-ի մէջ հաստատած է հայագիտական ամպիոնը, կը մնայ կառուցել շղթային պակսող օղակները, յատկապէս միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները: