ՀՅԴ ՀԵՄ-ի Երիտասարդներուն Նստացոյցը Կը Շարունակուի

Հայաստան

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան դիմաց արդէն երրորդ շաբաթն է` դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները կը շարունակեն նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով նստացոյցը: Անոնք շարք մը հարցեր բարձրացուցած են եւ անոնց լուծումը կը պահանջեն:

Գլխաւոր հարցերէն մէկը Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին նոր օրէնքի նախագիծէն հայագիտական առարկաներու դասաւանդումը համալսարաններէն ոչ պարտադիր դարձնելու դրոյթը հանելն է: Երիտասարդները անցնող երկու օրերուն իրազեկման հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի տարբեր բնակավայրերու մէջ:

Նոյն պահանջով դասադուլը կը շարունակուի նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժաբմունքին մէջ:

«Դասադուլը կը շարունակուի. վաղ առաւօտեան 09:30-էն լսարաններ չենք մտներ, դասերուն չենք մասնակցիր: Օրակարգը նոյնն է` նախարարը կա′մ կ՛աշխատի, կա′մ տուն կ՛երթայ: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին հայոց լեզուն պարտադիր է», -ֆէյպուքեան իր էջին վրայ գրած է ուսանողական դասադուլի կազմակերպիչ խումբի ներկայացուցիչ Գէորգ Գիւլումեան:

Ի դէպ, ՀՅԴ երիտասարդականի անդամները իրաւապահ կառոյցներէն արդէն սկսած են ստանալու իրենց գրաւոր հարցումին պատասխանները: Նախորդ շաբաթ երիտասարդները տեղեկատութիւն ստանալու նպատակով գրաւոր հարցում ուղարկած էին Կրթութեան նախարարութիւն եւ ուժային կառոյցներուն, թէ արդեօք իրականութեան կը համապատասխանէ՞ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի այն յայտարարութիւնը, թէ դիմած է իրաւապահներուն, կրթութեան ոլորտին մէջ վերջին շրջանին յարուցուած քրէական գործերու ցանկերը ստանալու համար:

Յատուկ Քննչական ծառայութենէն եւ Գլխաւոր դատախազութենէն արդէն արձագանգածեն, որ նման դիմում նախարարէն չեն ստացած: