Հայաստանի եւ Սփիւռքի Միջեւ Չկայ Սահման, Մենք Մէկ Ամբողջութիւն Ենք. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան, Սփիւռք

Ի պատիւ աշխատանքային այցով Ֆրանսայի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ տիկին Աննա Յակոբեանի` տրուած է ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են Ֆրանսայի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ներկայացուցիչները: Անոնց մէջ եղած են` Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայ պատգամաւորներ, հասարակական, մշակութային գործիչներ, գործարարներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը անդրադարձած է Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած քննարկումներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան:

Վարչապետը, մասնաւորապէս, նշած է.

«Արդէն աւանդոյթ դարձած է, որ օտարերկրեայ այցերը պարտադիր կ՝ուղեկցուին համայնքի ներկայացուցչներու հետ հանդիպումներով, աւելի նեղ, ընդլայնուած կազմերով: Ասիկա կարեւոր արձանագրութիւն է եւ կ՝արտայայտէ այն նոր քաղաքականութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը վարէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւներու տիրոյթին մէջ, անոր իմաստը` համահայկականութեան հաստատումը իբրեւ առաջնահերթութիւն արձանագրելն է:

Եւ կ՝ուզեմ արձանագրել, որ այդ նոր քաղաքականութեան իմաստը ճիշդ նոյն կերպ ընկալուած է նաեւ միջազգային գործընկերներու կողմէն, երէկ եւ այսօր զրոյց ունեցած եմ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ այդ երկու հանդիպումներուն ընթացքին ալ Ֆրանսայի նախագահը յատուկ անդրադարձ ունեցած է ֆրանսայի հայ համայնքին:

Եւ ասիկա զիս առանձնապէս կ՝ուրախացնէ այն փաստով, որ օրինակ Ֆրանսայի նախագահը Հայաստանի կառավարութիւնը, Հայաստանը եւ Սփիւռքը կը դիտարկէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Եւ մեր շփումներուն մէջ իմ բարեկամը` էմանուէլը, անընդհատ կ՝ուզէ ընդգծել, թէ ինչքան կարեւոր, ազդեցիկ է Ֆրանսայի հայ համանքը եւ ինչպիսի մեծ դերակատարութիւն ունի Ֆրանսայի հանրային կեանքին մէջ, բոլոր ոլորտներով: Եւ ինծի համար մեծ պատիւ է, երբ ան անուններով, ազգանուններով կը յիշէ շարք մը մարդոց, որոնք այսօրուան երեկոյին ներկայ են:

Այս գետնի վրայ մնացեալ հարցերը կարծես ինքնաբերաբար կը լուծուին, Ֆրանսայի հայութեան մասին խօսակցութենէն ետք արդէն ակնյայտ է, եթէ իրենք հարց ունին մեզի հետ` զայն պէտք է անպայման լուծենք եւ եթէ մենք ունինք հարց իրենց հետ` այդ հարցը անպայման պէտք է լուծուի: Եւ կ՝ուզեմ անկեղծ ըսել, որ երէկ եւ այսօր մեր զրոյցներուն ընթացքին համաձայնեցանք, որ մեր օրակարգի բոլոր հարցերը արագ լուծում պիտի ստանան: Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի այդ հնարաւորութեան համար, որովհետեւ ձեր ներկայութիւնը, հեղինակութիւնը, հանգամանքն է, որ բոլոր հարցերուն լուծումներ կու տայ եւ կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ մեր եւ Ֆրանսայի համար այդպիսի ուժեղ թիկունք ստեղծած էք: Մենք պէտք է հասկնանք, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծենք, որովհետեւ անոնք շատ կարեւոր են բոլորիս համար:

Իրականութեան մէջ համահայակականութեան գաղափարը շատ կարեւոր է մեզի համար, որուն հիմնական գաղափարը հետեւեալն է. չկայ սահման Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, մենք մէկ ամբողջութիւն ենք եւ երբ հանդէս կու գանք այդպէս` բոլոր հարցերը այլ պատկեր կը ստանան եւ բոլոր հարցերը կը դառնան լուծելի:

Մեր կառավարութեան նպատակը այսպիսի իրավիճակ ստեղծելն է. Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջ հայութեան ներկայացուցիչն է եւ ասիկա այն վճռական գործօնն է, որ պէտք է թոյլ տայ իրական փոփոխութիւններ մտցնելու մեր երկրի, ժողովուրդի պատմական ճակատագրի մէջ, այդ ճակատագիրը հանել այն արատաւոր շրջանակէն, երբ մեր բախտը կը բերէ եւ աշխարհաքաղաքական հանգամանքները նպաստուոր են` կ՝ունենանք պետականութիւն, իսկ երբ անիկա կը  փոխուի` մենք կը կորսնցնենք այդ ամէնը: Մեր խնդիրն է` դուրս գալ այդ շրջանակէն եւ կրնամ վստահ ըսել, որ այսօր մենք քայլ առ քայլ դուրս կու գանք այդ շրջանակէն:

Եւ հիմա պէտք է տեղեակ պահեմ ձեզի. այս մէկուկէս տարուան գործունէութենէն ետք կրնամ ըսել, արձանագրել, որ մենք արդէն շօշափելի յաջողութիւններ ունինք նաեւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կը ձեւաւորուի բոլորովին նոր ըսելիք եւ բովանդակութիւն, որ ուղիղ կապ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցի իրական ըսելիքի եւ բովանդակութեան հետ: Ինծի համար վարչապետի կարգավիճակին մէջ ամենամեծ զարմանքը այն է, որ միջազգային հանրութիւնը, այնուամենայնիւ, կորսնցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի բովանդակութեան մասին պատկերացումը եւ ատիկա համատարած կը ներկայացուի իբրեւ տարածքային վէճ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ:

Եւ կրնամ ըսել, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին մենք կ՝աշխատէինք ԼՂ հարցի իրական բովանադակութիւնը, այն, որ մենք մեր մէջ կը կրենք, դնել իբրեւ արձանագրութիւն միջազգային հանրութեան սեղանին: Մինչեւ բոլորովին վերջերս տպաւորութիւն էր, որ այդ խօսակցութեան մէջ միայնակ ենք, բայց հիմա կրնամ արձանագրել, որ մեր ըսելիքը կ՝ընկալուի, կը հասկցուի միջազգային հանրութեան կողմէ, եւ ես ասիկա կը համարեմ յաջողութիւն:

Այսօր կրնամ արձանագրել, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, ի վերջոյ, աւելի խորութեամբ կ՝ընկալեն եւ կ՝ընդունին մեր դիրքորոշումները. անոնց համար կարծես մեր դիրքորոշումները աւելի հասկնալի են, եւ այսօր կրնանք արձանագրել, որ Հայաստանի ու Արցախի պատկերացումները ԼՂ հարցի կարգաւորման վերաբերեալ նոյնական են հարիւր տոկոսով: Այսպիսի իրավիճակ չէ եղած երբեք, մենք չենք ունեցած իրավիճակ, երբ Հայաստանի ու Արցախի պատկերացումները մինչեւ վերջին կէտը նոյնական ըլլայ, կամ առնուազն այնքան նոյնական չեն եղած, որքան այսօր:

Ասիկա կը նշանակէ, որ մենք կը մօտենանք յաջորդ կարեւոր արդիւնքին, որ հայ ժողովուրդին մէջ, հայկական իրականութեան մէջ չկայ բանավէճ ղարաբաղեան հարցին վերաբերեալ եւ մենք շուտով պիտի հասնինք այն վիճակին, որ հայութեան դիրքորոշումները Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման հարցով նոյնական են:

Կ՝ուզեմ արձանագրել, որ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին բոլորդ ալ ականատես եղած էք. որոշակի յոռետեսական գնահատումներ հնչած են, օրինակ, հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ: Կրնանք արձանագրել, որ այսօր Հայաստանի եւ ՌԴ-ի իշխանութիւններուն միջեւ կայ լիարժէք փոխըմբռնում մեր յարաբերութիւններուն, բովանդակութեան, ռազմավարութեան ներկային եւ ապագային վերաբերեալ: Եւ յոյս ունիմ որ ՌԴ ներկայացուցիչներու հրապարակային յայտարարութիւնները հիմա արդէն ակնյայտ կը դարձնեն այդ իրողութիւնը:

Եւրոպական միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ մենք մեծ խնդիրներ չենք ունեցած եւ այսօր ալ չունինք: Հայ-վրացական յարաբերութիւնները, թոյլ տուէք պնդել, երբեք աւելի բարձր մակարդակի չեն եղած: Իրանի հետ ունինք լիարժէք փոխըմբռնում, ԱՄՆ-ի հետ մենք մեկնարկած ենք ռազմավարական երկխօսութիւն եւ կան բոլոր նշանները արձանագրելու, որ ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոյնպէս շատ մօտ ենք կարեւոր ճեղքման մը»:

Անդրադառնալով ներհայաստանեան իրականութեան` վարչապետը նշած է, որ ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, խօսքի ազատութիւնը, քաղաքացիներու ազատութիւնը, ժողովուրդի իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ այլընտրանք չունին: «Միջազգային շատ հարթակներու վրայ, այսօր ալ գործընկերներուս ելոյթները լսելով կ՝արձանագրէի, որ անոնք կը խօսէին իրենց երկիրներուն մէջ կաշառակերութեան մակարդակը նուազեցնելու անհրաժեշտութեան մասին: Ես այդ ելոյթները լսելով, ես ինծի կը խօսէի, որ մեզի այդ ճանապարհը չի կրնար հետաքրքրական ըլլալ, որովհետեւ մենք պէտք է խօսինք ո՛չ թէ կաշառակերութիւնը նուազեցնելու, այլ զայն արմատախիլ ընելու մասին:

Եւ մենք յստակ կ՝երթանք այդ ճանապարհով ու ոեւէ նախկին, ներկայ կամ ապագայ պաշտօնեայ չի կրնար յոյս ունենալ, որ կրնայ դուրս մնալ այս տրամաբանութենէն: Մեր կուսակցական փակ ժողովներուն քանի մը անգամ այս քննարկումը ունեցած ենք եւ ըսած. Հայաստանէն կամ ժողովուրդէն կոպեկ մը գողցողը ուղիղ անձնական թշնամի է մեզի համար: Մնացեալը արդէն բանավէճ է Հայաստանի ապագայի մասին եւ ես համոզուած եմ, որ անիկա հետզհետէ աւելի ու աւելի բովանդակային պիտի դառնայ:

Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն մարդոց, որոնք կը բանավիճին մեզի հետ, կը քննադատեն, որովհետեւ այդպիսով հնարաւորութիւն կու տան մեզի սրբագրելու մեր սխալները: Մենք այսպէս կ՝ընկալենք մեր ընելիքը յառաջիկային:

Ես չեմ կրնար երաշխաւորել, որ մեր կառավարութիւնը, անձամբ ես պիտի ըլլանք անսխալական, բայց կրնամ երաշխաւորել, որ մեր ժողովուրդը պիտի ունենայ հնարաւորութիւն` ուղղելու մեր սխալները այն ժամանակ, երբ կը կարծէ, որ մենք սպառած ենք մեր սխալները ուղղելու հնարաւորութիւնները: Որովհետեւ մենք այսօր հանդէս կու գանք իբրեւ ՀՀ կառավարութիւն, իբրեւ ՀՀ իշխանութիւն, բայց կ՝ուզեմ արձանագրել, որ ՀՀ-ի մէջ իշխանութիւնը կը պատկանի ՀՀ հպարտ քաղաքացիին եւ մենք մեզի կ՝ընկալենք իբրեւ քաղաքացիին, երկրին ծառայութիւն մատուցող: Կ՝ուզեմ հաւաստիացնել, որ այդ ծառայութիւնը պիտի մատուցենք մեր կարողութիւններու առաւելագոյն ուժերով: Մնացեալը արդէն քաղաքացիներու գնահատման խնդիրն է:

Եւ ուրեմն կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛ն մենք եւ մեր երեխաները, որ կ՝ապրինք եւ պիտի ապրինք ազատ ու երջանիկ Հայաստանի մէջ, կեցցէ՛ Սփիւռքը, որոնց երեխաները պիտի ապրին եւ այսօր ալ կ՝ապրին Հայաստանի մէջ: Համոզուած եմ, որ բոլորդ կ՝ապրիք Հայաստանով, կը  սիրեմ բոլորդ, կը հպարտանամ բոլորովդ եւ կը խոնարհիմ բոլորիդ առջեւ»:

Այնուհետեւ վարչապետը պատասխանած է ընդունելութեան մասնակիցներու տարբեր հարցերու, որոնք վերաբերած են Հայաստանի մէջ կրթութեան ոլորտի զարգացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին, տնտեսական զարգացումներուն եւ այլ նիւթերու: