Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսնող Հայկական Պարբերականը 112 Տարեկան է. Independent-ի Անդրադարձը

Աշխարհ, Սփիւռք

Սարգիս եւ Միսաք Գոչունեան եղբայրներուն կողմէ 112 տարի առաջ՝ դեռ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հիմնադրուած հայկական «Ժամանակ» պարբերականը այսօր ալ ներկայ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակէ հրատարակուիլ հայերէնով: Բրիտանական Independent պարբերականի թրքական ծառայութիւնը պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեանի հետ զրուցած է «Ժամանակ»-ի անցած ճանապարհին եւ ներկայ գործունէութեան մասին, կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Գոչունեանը պատմած է, որ պարբերականը 1908-ին՝ հիմնադրուելէն անմիջապէս ետք՝ ունեցած է 15 հազար տպաքանակ, որ այն տարիներուն կը կազմէր բաւական մեծ թիւ: Թէեւ ներկայիս պարբերականի տպաքանակը ընդամէնը 1000 է, սակայն  «Ժամանակ»-ը իր հաւատարիմ ընթերցողներուն հասանելի դարձած է նաեւ ելեկտրոնային բաժանորդագրման միջոցով:

«Ժամանակ»-ի գլխաւոր խմբագիրը նշած է, որ պարբերականի 112-րդ տարեդարձին իրենց խմբագրութիւն այցելած էր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուն: «Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ կառավարութեան անդամը այցելեց հայերէնով լոյս տեսնող օրաթերթի խմբագրութիւն: Ասիկա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն էր»,- պատմած է Գոչունեան:

Ան նշած է, որ այցելութեան ժամանակ իրենք առիթ ունեցած են խօսելու ինչպէս թերթի խնդիրներուն, այնպէս ալ հայկական համայնքի մասին: «Այս թերթը միայն Թուրքիոյ մէջ մեր հայ քաղաքացիներուն ձայնը չէ, մեր ձայնն ալ է»,- հանդիպման ընթացքին ըսած է Սոյլուն:

«Մենք այնպիսի թերթ մըն ենք, որ չի փորձեր հակասութիւններ դնել մեր քաղաքացիական պարտականութիւններուն եւ մեր ծագումէն եկող զգայունութիւններուն միջեւ»,- Independent-ի հետ զրոյցին ըսած է Գոչունեանը: