Թումանեանի Թանգարանը Լոյս Ընծայած է Հեղինակին Ստեղծագործութիւնները` Արեւմտահայերէնով (լուսանկարներ)
Արեւմտահայերէնի փոխադրումը իրականացուցած է Լեւոն Շանթը՝ Կ.Պոլսոյ հայ մանուկներուն Թումանեանի աշխարհը ալ աւելի ճանաչելի ու հասկնալի դարձնելու նպատակով:
«Ժամանակին Յովհաննէս Թումանեանն ու Լեւոն Շանթը հրաւիրած են կազմելու տարրական դասարաններու համար նախատեսուած «Լուսաբեր» դասագիրքը: Սկիզբը անիկա հրատարակուած է արեւելահայութեան համար, բայց այնքան յաջող եղած է, որ Լեւոն Շանթ դասագիրքը փոխադրած է արեւմտահայերէնի: Մեր թանգարանին մէջ կը պահուին դասագիրքին տարբեր հրատարակութիւնները. անիկա ունեցած է բաւական երկար կեանք: Այս գիրքին հիմքը այն բոլոր դասագիրքերն են, որոնք հրատարակուած են մինչեւ Թումանեանի մահը»,- պատմած է թանգարանի տնօրէն Անի Եղիազարեան:
Գիրքը, ուր տեղ գտած են Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւնները, բալլադներն ու առասպելները, պատմուածքները, նկարազարդած են արտասահմանի մէջ ապրող հայ մանուկները, անոնց աջակցած են Հայաստան ապրող փոքրիկները:
Հրատարակման համար նիւթական օգնութիւն ցուցաբերած է Արմինէ Կարապետեան: Թանգարանը անոր նուիրած է «Յովհաննէս Թումանեան 150» յուշամետալը:
Արմինէ Կարապետեան ըսած է, որ ինքը ծնուած է Իրան` հայրենասէր ու կրթուած ընտանիքի մէջ: «Հայրս գրող էր, իսկ մայրս` ուսուցչուհի: Թումանեանը մեր ամենասիրելի հեղինակներէն է, եւ մենք մեծցած ենք անոր հեքիաթներով»,- նշած է ան:
Գիրքը կազմած է Անի Եղիազարեանը, խմբագրած է Նարինէ Խաչատրեանը, սրբագրած` Քնարիկ Աբրահամեանը, ձեւաւորումը իրականացուցած է Մանէ Խաչատրեանը:






