
ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտները, Գայլիկներն ու Փողերախումբը Մասնակցեցան Ծառատնկումի Աշխատանքին
Բնապահպանութեան ազգային տօնին առիթով, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտները, գայլիկները եւ փողերախումբը մասնակցեցան ծառատնկումի գործունէութեան, որ կազմակերպուեցաւ Հալէպի նահանգային եւ քաղաքային խորհուրդներուն կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»ը։
Գործունէութեան կը մասնակցէր նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ բնապահպանութեան նախարարը, ինչպէս նաեւ նահանգային խորհուրդի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Մարիա Գաբրիէլեանը։
Միութեան անդամները իրենց կարգապահութեամբ եւ աջալուրջ աշխատանքով գրաւեցին կազմակերպիչ եւ մասնակցող կողմերուն ուշադրութիւնը:
Աւելցնենք, որ նոյն տօնին առիթով քանի մը օր առաջ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի սկաուտներն ու գայլիկները մասնակցեցան Նոր Գիւղի մէջ կազմակերպուած մաքրութեան արշաւին: