«Հայկական Տիեզերք» Գորգը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Վաճառուած է 30 Հազար Տոլարով

Uncategorized, Հայաստան, Սփիւռք

Քալիֆորնիոյ մէջ «Հայկական տիեզերք» անուանումով գորգը վաճառուած է 30,000 տոլարով: Այս մասին կը յայտնէ ԵՊԲՀ մամուլի խօսնակ Շուշան Դանիէլեան:

«Հայրենիքի պաշտպան» վերականգնողական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ՝ Զինուորի տան հերոսները գործած են գեղեցիկ հայկական գորգ, որ կը կրէ «Հայկական տիեզերք» անունը: Գորգը գործելու աշխատանքներուն միացած են յայտնի արուեստագէտներ Տիգրան Մանսուրեանը, Ջիւան Գասպարեանը, ջազ երաժիշտ Մալխասը, «Աւրորա»-ի մրցանակակիր Թոմ Քաթինան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Աննա Յակոբեանը եւ այլք:

Վաճառքէն գոյացած ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Զինուորի տան Հերոսներու սրճարանի եւ ուսումնական կեդրոնի կառուցման: