ԱՄՆ Հայ Դատը Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախագիծը Օրակարգ Բերելու Համար Քննարկումներ Պիտի Ունենայ Ծերակուտականներու Հետ

Աշխարհ, Սփիւռք

Հայ դատի ԱՄՆ յանձնախումբը բուռն աշխատանք կը ծրագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 150-րդ բանաձեւը Ծերակոյտին մէջ շուտափոյթ ներկայացնելու եւ քուէարկելու ուղղութեամբ: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Հայ դատի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի տնօրէն Արմէն Սահակեան:

«Ծերակոյտին մէջ 150-րդ բանաձեւը ներկայացուած է այս տարուան Ապրիլին: Այժմ բանաձեւը ունի Սենատի 21 անդամի ուղղակի աջակցութիւնը: Աշխատանքներ կը տարուի այս թիւը բարձրացնելու ուղղութեամբ եւ շուտափոյթ կերպով ներկայացնելու Ծերակոյտի լիագումար նիստին քուէարկութեան համար: Ծերակոյտին մէջ գործընթացները տարբեր են Ներկայացուցիչներու պալատէն եւ ժամկէտները տակաւին անորոշ են. դժուար է ըսել, թէ երբ անիկա քուէարկութեան կը դրուի»,-նշած է Սահակեան:

Հայ դատի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի  յանձնախումբի «Ֆէյսպուք»-ի էջը կը տեղեկացնէ, որ կը սկսին համակարգելու տարբեր հանդիպումներու եւս մէկ փուլ՝ գրասենեակներու հետ այն ծերակուտականներուն, որոնք կը պայքարին Ծերակոյտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: