Միացեալ Նահանգներու Բանաձեւը Ունի Կիրառական Բաժին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

“Ազդակ”-ի խմբագրական


Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունումը նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի համակարգի եւ յատկապէս Ուաշինկթընի գրասենեակի երկարատեւ ու հետեւողական աշխատանքներու արդիւնքն է: Բնականաբար կայ նաեւ քաղաքական ժամանակահատուածի գործօնը, յատկապէս Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ներկայ համապատկերը, միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ շահերու բախման որոշակի կէտերն ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ վերջին ռազմական գործողութիւններու պարունակը նկատի ունենալով:

Քաղաքագիտական այբուբենը  կը յիշեցնէ, որ  երկկողմ ուղղութիւններու շահերու բախման կամ  համընկնումի կէտերու հատման պահուն օգտագործումը երրորդ կողմի համար կը ստեղծէ նպաստաւոր պայման` առաւել ձեռք բերելու համար: Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակը փաստօրէն քաղաքական արուեստի տիրապետման փաստ հրամցուց եւ ճիշդ պահուն խբեց թիրախին:

Կ՛արժէ յիշել, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին ճանաչման բանաձեւով հանդէս եկած էր. 1982-ին նախագահ Ռիկըն իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ յիշատակած է ցեղասպանութիւն եզրը:

Երեսունհինգ տարի ետք Ներկայացուցիչներու տունը կ՛ամրագրէ ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր զուգահեռ կարեւոր դրոյթներ կ՛արձանագրէ, որոնք պատմաբարոյականէ աւելի որոշակի կիրառական նշանակութիւն կը նախանշեն.

  1. Ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը` պաշտօնապէս ճանչնալու եւ յիշատակելու միջոցով.
  2. Արգիլել Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան կամ որեւէ այլ ցեղասպանութեան ժխտումին մէջ ներգրաւուելու, ներառուելու կամ որեւէ ձեւով առնչուելու փորձերը եւ`
  3. Խրախուսել Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու, ներառեալ մարդասիրական օգնութեան գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու դերին եւ մարդկութեան դէմ ներկայիս իրականացուող յանցագործութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ առնչութիւններու վերաբերեալ կրթութիւնը եւ հանրային իրազեկութիւնը:

Առաջին կէտը բաւական ճանապարհ անցած է. ամերիկեան նահանգներէն 49-ը ճանչցած են արդէն Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հերթականօրէն կ՛ոգեկոչեն զոհերու յիշատակը: Երկրորդը դէպի ժխտողականութեան քրէականացում նախանշող ուղիի որդեգրման նպաստող դրոյթներ կը պարփակէ իր մէջ: Մինչ երրորդը անկախ կրթական ծրագիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատմականը ներառելու կոչէն, քաղաքական խիստ ուղերձ կը պարփակէ ուղղուած Անգարային: Ասիկա պարզօրէն կը մեկնաբանուի միեւնոյն պետութեան ուղղակի եւ միջնորդաւորուած ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտումներ կատարելու հանգամանքով: 20-րդ դարուն ուղղակի կազմակերպելով, 21-րդ դարուն աջակցելով եւ ֆինանսաւորելով  իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումները:

Նոր կարեւոր հանգամանք եւս կը դիտարկուի այս բանաձեւի որոշման առիթով: Անիկա Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի անձամբ ներկայութիւնն է Ներկայացուցիչներու տան նիստին: Նախարարի արձագանգումով  հայութեան համար բանաձեւի ընդունումը ունի ո՛չ միայն բարոյական, այլեւ կիրառական նշանակութիւն. անիկա կը նպաստէ մեր տարածաշրջանին մէջ  խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:

Այստեղ արդէն յստակ է Անգարայի աջակցութիւնը ռազմական յանցագործութիւններով, ցեղասպանական ծրագիրներով  պետական ահաբեկչական միաւոր` Ազրպէյճանին: Իսկ Միացեալ Նահանգները համանախագահող միջնորդ են արցախեան բանակցութիւններուն: