
Այն, Ինչ Տեղի Ունեցած է Տատիկիս Հետ, Հնագէտներուն հարցը Չի Կրնար Ըլլալ․ Փայլան
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգած է Էրտողանի քննադատութեան, որ կը վերաբերէր ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման, կը հաղորդէ ermenihaber-ը։
Փայլան Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է․
«Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ըսաւ. «Այս հարցը պատմաբաններուն գործն է: Այս հարցը հնագէտներուն գործն է: Այս հարցին թող քաղաքական աստառ չտան»:
Պատմաբանները չեն կրնար առերեսուիլ այն ցեղասպանութեան հետ, որ Թալէաթ փաշայի քաղաքական որոշումով իրագործուած է… այն, ինչ տեղի ունեցած է իմ (հօրական) տատիկիս հետ հնագէտներուն հարցը չի կրնար ըլլալ»: