Վանաձորի Մէջ Տեղադրուեցաւ Զօրավար Անդրանիկի Յուշարձան

Այլեւայլ, Հայաստան

Հանրապետութեան երրորդ քաղաքին՝ Վանաձորի հիմնադրութեան 191-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ զօրավար Անդրանիկի յուշարձանի բացումը: Այս մասին կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն։

Արձանը տեղադրուեցաւ քաղաքի այն հատուածին մէջ, ուր կը սկսի զօրավար Անդրանիկի անունը կրող փողոցը: Ան կառուցուած  է 2019-ին՝ համաժողովրդական նուիրատուութիւններով, «Ինտերկապ» բարեսիրական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ եւ Վանաձորի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ: