Լիբանանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին․ Դրամատուներն Ու Դպրոցները Փակ Են

Աշխարհ

Հակառակ նախորդ հինգ օրերուն ընթացքին Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ տիրող կացութեան եւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն լիբանանցի քաղաքացիներուն բազմութիւններուն կողմէ Պէյրութի, Թրիփոլիի, Զուքի, Ժալ Էլ Տիպի, Շեւրոլէի եւ Սուրի հրապարակներն ու մայրուղիները ողողելու երեւոյթին, երէկ` ժողովրդային պոռթկումի վեցերորդ օրուան ընթացքին, շարժումը աւելի դանդաղ քայլերով ընթացաւ` իր գագաթնակէտին հասնելով երեկոյեան, կը հաորդէ “Ազդակ”:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն ընթացքին շատ աւելի աշխուժ ընթացան փողոցները փակելու քայլերը, որոնց իբրեւ հետեւանք երթեւեկի լուրջ հարցեր ստեղծուեցան քաղաքացիներուն դիմաց:

Սակայն յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի զոյգ հրապարակները` Նահատակացն ու Ռիատ Սոլհը, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Սուրի Ալամ հրապարակը, ինչպէս նաեւ Ժալ Էլ Տիպի եւ Զուքի մայրուղիները ողողուեցան լիբանանցի քաղաքացիներով, որոնք ամբողջ գիշեր փողոցը մնացին եւ լիբանանեան դրօշակը բարձրացնելով դարձեալ կրկնեցին իրենց պահանջները` պահանջելով իշխանութեան հրաժարականը:

Բայց եւ այնպէս այս լուրջ պահանջին առընթեր անոնք անցուցին նաեւ այլ ճոխ գիշեր մը` երգով ու պարով լեցուն:

Լիբանանեան բանակը գիշերուան ժամը 11:00-ին յաջողեցաւ վերաբանալ Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Զահրանի-Սայտա-Սուր-Ղազիէ եւ Պուարի մայրուղիները:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 9:00-ին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած էին բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անկէ պահանջած, որ բանակը վերաբանայ ճամբաները` դիւրացնելու համար քաղաքացիներուն երթեւեկը:

Փուռերու սեփականատէրերու սենտիքան իր կարգին կոչ ուղղեց բանակին, որ Պէյրութի նաւահանգիստէն ցորենի փոխադրութիւնը ապահովէ ալրաղացներուն եւ ապա ալիւրը` փուռերուն: Սենտիքան նկատել տուաւ, որ այս փոխադրութեան չապահովուելուն պարագային, լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ հացի տագնապ պիտի սկսի:

Միւս կողմէ, Դրամատուներու միութիւնը դարձեալ հաստատեց, որ դրամատուները այսօր եւս իրենց դռները փակ պիտի պահեն:

Իսկ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտարարեց, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր դպրոցները ցնոր տնօրինում փակ պիտի մնան:

Այս շրջագիծին մէջ, պէտք է անդրադառնալ, որ մեծ թիւով ցուցարարներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական դրամատան դիմաց, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեցին այսօր բողոքի ցոյց մը կազմակերպելու կրթութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելու համար նախարար Շեհայէպի հրաժարականը:

Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ֆուատ Այուպ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ նկատի ունենալով ուսանողներուն ապահովութիւնը, համալսարանը կը շարունակէ դասադուլը` աւելցնելով սակայն, որ համալսարանը իր բոլոր բաժանմունքներուն դռները պիտի վերաբանայ` կատարելու համար վարչական աշխատանքները:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի օժանդակ երկիրներու դեսպանները; Հանդիպումէն ետք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի ներկայացուցած է այն լուրջ բարեկարգումները, որոնք որդեգրուած են կառավարութեան կողմէ, ըլլան անոնք 2020-ի պետական ամավարկին մէջ ներառուած բարեկարգումները, որոնք սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին մէջ են, ինչպէս նաեւ ամավարկին զուգահեռ որդեգրուած բարեկարգումները:

Քուպիչ նշեց, որ իրենք կը զօրակցին կառավարութեան որդեգրած բարեկարգումներուն եւ անոնց հետապնդած նպատակներուն: Ան աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի օժանդակ երկիրները կոչ կ՛ուղղեն երկրին պետութեան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն անսալու ժողովուրդին արդար պահանջներուն եւ աշխատելու անոր հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերուն լուծումներ գտնել: