Կիրօ Մանոյեան Ամփոփեց «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան» Համաժողովի Արդիւնքները

Հայաստան

«Եռագոյն»,- Հոկտեմբեր 15-ին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան լրագրողներու հետ հանդիպում ունենալով՝ ամփոփեց Արցախի մէջ տեղի ունեցած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» Արցախի բարեկամներու համաժողովի արդիւնքները:

Մանոյեան յայտնեց, որ համաժողովը, որ նախատեսուած էր իրականացնել անցեալ տարուան Նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ, Ստեփանակետտի մէջ, կայացաւ՝ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ։ Արցախի կառավարութիւնը կ՛ուզէր համաժողովը տեղի ունենայ յատկապէս Բերքի տօնի օրերուն, որպէսզի Արցախի բարեկամները եւս մասնակից ըլլան տօնին նուիրուած ձեռնարներուն։ Համաժողովին մասնակցեցան արտասահմանէն եկած 150 բարեկամներ, որոնց 25-ը Հայ դատի գրասենեակներու ներկայացուցիչներ են, որոնք կ՛ուղեկցէին ոչ հայազգի բարեկամներուն։ Կային նաեւ հայեր, որոնք օտար երկիրներու պաշտօնեաներ են, ինչպէս Ֆրանսայէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն։

Ան յայտնեց, որ համաժողովի հռչակագիրով կը ձեւաւորուի Արցախի բարեկամներու «Փրօ Արցախ»  ցանցը, որուն մաս մը կազմեն ե՛ւ այս համաժողովի մասնակցիները ե՛ւ այն մարդիկ, որոնք Արցախի նկատմամբ դրական կեցուած դրսեւորած են, բայց տարբեր պատճառներով չկրցան մասնակցիլ այս համաժողովին։

Արժեւորելով համաժողովի մասնակցութեան շրջանակը՝ ան նշեց, որ իսկապէս մասնակցութիւնը բաւական ընդարձակ էր, կը մնայ այդ ցանցը աշխոյժ պահել եւ հնարաւորինս ընդարձակել։ Այս ուղղութեամբ ալ հանդիպում տեղի ունեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարին հետ։ Համդիպումներ եղան նաեւ Բակօ Սահակեանի, պետական այլ մարմիններու, եւ Ազգային Ժողովի յանձնաժողովներու հետ։

Ան յայտնեց, որ այս երկու-երեք օրը շատ արդիւնաւէտ էր։ Հիմնական նպատակն էր, որ ցոյց տրուի Արցախի բարեկամներոն, որ իրենք աշխարհի մէջ մենակ չեն։ Հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուող ճնշումներուն՝ մէկ կողմէն Արցախը մեկուսանցնելու, միւս կողմէն Արցախի բակերակմները պատժելու քայլերուն, անոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունին։ Օրինակ Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամը ըսած է, որ ինք նոյնիսկ հպարտ է, որ ընդգրկուած է Ատրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ի մէջ։

«Հիմա կը մնայ, որ այս պատուիրակները վերադառնան իրենց երկիր եւ շարունակեն ու աշխուժացնեն իրենց ջանքերը ի նպաստ Արցախի», եզրափակեց ան։

Ապա Մանոյեան պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն: