Տեղի Ունեցաւ «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան Եւ Խաղաղութեան» Խորագիրով Արցախի Բարեկամներու Ժողովը

Հայաստան

11 Հոկտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան կազմակերպած` «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրը կրող Արցախի բարեկամներու քառօրեայ համաժողովը, որուն կը մասնակցին 30 երկիրներէ 150 հասարակական, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

Բացման նիստին արտասանուած պաշտօնական խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի գերիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, միջազգային մակարդակի վրայ անոր ներկայութեան կարեւորութիւնն ու այս առումով Արցախի բարեկամ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ունեցած մեծ ու օգտաշատ ներդրումը:

Նախագահ Սահակեան. «Բարձր Կը Գնահատենք Ձեր Առաքելութիւնը»Horizon Weekly Newspaper

Համաժողովին մասնակիցները ողջունեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ ողջունեց նման նախաձեռնութիւն մը` զայն իւրայատուկ նկատելով թէ՛ բովանդակութեան, թէ՛ մասնակիցներու առումով: «Ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ մարդասիրական արժէքներու նուիրուածութեամբ տարիներ շարունակ քրտնաջան աշխատանքներ կը տանիք` ուղղուած Արցախի սատարման, միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ մեր երկրի մասին փաստացի տեղեկատուութեան ներկայացման, երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրների իրականացման: Մենք երախտապարտ ենք ձեզ այս բոլորին համար եւ բարձր կը գնահատենք ձեր առաքելութիւնը եւ ուրախ ենք, որ ունինք ձեզի նման ընկերներ եւ բարեկամներ», ըսաւ ան:

Նախագահը դիտել տուաւ, որ անկախ, ինքնիշխան, հզօր պետութիւն կերտելը Արցախի պետականաշինութեան տեսլականն է եւ հիմքը, որուն հիմնական սիւներէն են Հայաստանի ու սփիւռքի եռամիասնութիւնը եւ ժողովրդավարական արժէքներու ու սկզբունքներու առկայութիւնը:

Ապա ան խօսեցաւ Արցախի ապահովութեան եւ տագնապի լուծման մէջ Արցախը ներառելու կարեւորութեան մասին: «Մեզի համար կարեւորագոյն հրամայական է Արցախի անվտանգութեան լիարժէք ապահովումը բոլոր հարթութիւններուն վրայ: Անվտանգութեան խնդիրները առաջնային են նաեւ բանակցային գործընթացին մէջ: Մենք կողմնակից ենք Ազրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններու խաղաղ կարգաւորման բանակցային սեղանի շուրջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ: Այստեղ լուրջ յաջողութիւններու գրանցումը անկարելի է առանց բանակցային գործընթացի լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման` Արցախի լիիրաւ մասնակցութեամբ:

«Ակնյայտ է, որ Արցախի ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ առանց անոր մասնակցութեան, եւ մեզի համար չի կրնար ըլլալ վերադարձ անցեալ: Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմքերը կը շարունակեն մնալ հաւասարակշռուածութեան եւ բազմաուղղուածութեան սկզբունքները: Մեզի համար հրամայական է հաւասարապէս բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը, ինչպէս Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, այնպէս ալ շրջանային պետութիւններու հետ: Ընելիքներն ու խնդիրները բազմազան են, բայց միանգամայն իրատեսական: Համոզուած եմ, որ մենք կը յաջողինք արդիւնաւէտօրէն լուծել զանոնք, եւ այս ճանապարհին յատուկ նշանակութիւն ունի նման ձեռնարկներու իրականացումը», եզրափակեց Բակօ Սահակեան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Այսօր Ձեր Միջոցով Աշխարհը Արցախ Եկաւ»

Horizon Weekly Newspaper

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ  պատմական անդրադարձ կատարեց արցախեան գոյամարտի ակունքներուն եւ ընդգծեց արցախցիին ազատասիրական ոգիին ուժը` շեշտելով, որ ան փաստեց, թէ կեանքի գնով պատրաստ է պայքարելու ազատութեան համար:

«Ժողովուրդը դիմադրեց, տոկաց եւ նոյնիսկ համայնավարական վարչակարգին տակ գոյատեւեց` պահանջելով, որ խորհրդային պետական իշխանութեան լուռ մեղսակցութեամբ Ազրպէյճանին պատանդ տրուած հպարտ Արցախը իր հայկական դիմագիծն ու ինքնավարութիւնը պահպանէ», նշեց ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան զարմանալի չնկատեց արցախեան շարժման մեկնարկը, քանի որ անիկա յաջորդեց Պաքուի, Սումկայիթի ջարդերուն ու նոր տեղահանութիւններուն: Պատասխանը եղաւ այն, որ Արցախի ժողովուրդը կազմակերպեց հանրաքուէ եւ հռչակեց իր անկախութիւնը: Ապա ան նախ ամրապնդեց նորահաստատ պետութեան հիմքերը, յետոյ ստեղծեց հզօր բանակ եւ, Հայաստանի Հանրապետութեան զուգահեռ, մասնակցեցաւ բանակցային գործընթացին, որպէսզի ամրագրուի անկախութիւնը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց դերը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն, որոնք Արցախի կողքին էին ազատամարտի առաջին օրերէն:

«Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կը նշենք, որ այդ պայքարին մէջ ունեցանք նեցուկը Արցախի մեր բարեկամներու լայն ցանցին, որուն ներկայացուցիչները` դուք, այսօր հաւաքուած էք», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` աւելցնելով. «Այսօր ձեր միջոցով աշխարհը եկաւ Արցախ»:

Ղուլեան. «Մեր Պայքարը Կը Շարունակուի»

Horizon Weekly Newspaper

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ խորհրդարանական դիւանագիտութեան կարեւորագոյն օղակներէն մէկը միջազգային խորհրդարանական կառոյցներուն մէջ ներկայացուածութիւնն է, որովհետեւ այդպիսով անդամակցող երկիրներու խորհրդարանականները կարելիութիւն կ՛ունենան բարձրաձայնելու թէ՛ իրենց երկիրներու ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն մասին, եւ թէ՛ ուղիներ գտնելու` յաղթահարելու միջազգային հանրութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

«Ցաւօք, բոլոր կարելի եւ անկարելի միջոցներով Արցախը մեկուսացնելու Ազրպէյճանի քմահաճ ցանկութիւններուն հանդէպ միջազգային հանրութեան ոչ համարժէք ջանքերուն պատճառով միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ մեր առջեւ դռները մեծաւ մասամբ կը մնան փակուած», ըսաւ Ղուլեան:

Ըստ անոր, արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ խորհրդարանի դերի աշխուժացման համար անհրաժեշտ հիմքեր կը ստեղծուին, նաեւ` օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերուն մասնակցութիւնն ու համագործակցութիւնը այլ երկիրներու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու հետ:

«Համաժողովի յաջող ընթացքով պայմանաւորուած, թերեւս կարելի է մտածել նաեւ այս ձեւաչափով հաւաքներ եթէ ոչ ամէն տարի, ապա գոնէ յաճախակի կազմակերպելու մասին: Վստահ եմ, որ ատիկա դրական ազդակներ կը հաղորդէ Արցախի ճանաչման մեր ընդհանուր գործին եւ նոր կարելիութիւններ կը բանայ նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան հետագայ աշխուժացման համար: Մեր պայքարը կը շարունակուի, եւ յաջողութիւններ կը մաղթեմ բոլորիս այս դժուարին, բայց պատուաբեր աշխատանքին մէջ», աւելցուց ան:

Ազգային ժողովի նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ այս համաժողովը օգտակար հարթակ պիտի ըլլայ նոյն գաղափարներու եւ արժէքներու պաշտպանութեան համար Արցախի մէջ միաւորուած երկրի բարեկամներուն համար` ո՛չ միայն աւելի մօտէն առնչուելու Արցախին եւ թարմացնելու իրենց պատկերացումները, այլ նաեւ կապ հաստատելու իրարու հետ, միտքեր ու կարծիքներ փոխանակելու` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ եւ ուրուագծելու ապագայի աշխատանքները: Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է հետեւողական կերպով նման նախաձեռնութիւններու դիմել:

Շաւարշ Քոչարեան. «Ազրպէյճան Կը Ձեւացնէ, Թէ Կը Բանակցի»

Horizon Weekly Newspaper

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Արցախի ժողովուրդը անթերի կերպով իրականացուցած է իր ինքնորոշման իրաւունքը, իրաւունք, որուն կարելի չէ հակադրել միջազգային իրաւունքի որեւէ այլ սկզբունք, եւ որ կը գերակայէ միջազգային որեւէ պայմանագիր:

Ան ապա անդրադարձաւ այն հարցադրումներուն, թէ ինչո՛ւ արցախեան տագնապի լուծման բանակցային գործընթացին մէջ յառաջընթաց չկայ: «Քանի դեռ Ազրպէյճանը կը խուսափի Արցախի հետ ուղղակի բանակցութիւններէն եւ կը ձեւացնէ, թէ այդպիսի նիւթ չկայ, ուրեմն` չի ցանկար որեւէ յառաջընթաց բանակցութիւններուն մէջ: Ազրպէյճանը կը ձեւացնէ, թէ կը բանակցի, եւ բանակցութիւններու քողի տակ կ՛իրականացնէ քարոզչական պատերազմ` միջազգային հանրութեան փորձելով ապացուցել, թէ իրականութեան մէջ ոչ թէ ինքնորոշման իրաւունք է, այլ տարածքային վէճ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ», դիտել տուաւ Քոչարեան: Արցախի` բանակցային սեղան վերադառնալու անհրաժեշտութեան մասին խօսելով` Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ. «Առանց Արցախի անկարելի է որեւէ յառաջընթաց բանակցութիւններուն մէջ: Ոեւէ մէկը լիազօրուած չէ Արցախի փոխարէն խօսիլ այն հարցերու մասին, որոնք Արցախի իրաւասութեան ներքեւ են` կարգավիճակ, տարածքային ամբողջականութիւն: Ինչ կը վերաբերի կարգավիճակին, ապա Արցախի իշխանութիւններն անգամ կաշկանդուած են հանրաքուէով` ժողովուրդի կամքով: Այն ինչ որ ըսած է ժողովուրդը Արցախի կարգավիճակին մասին, անոնք կաշկանդուած են ատով»:

Մարդկութիւնը, ըստ անոր, կը ձգտի աշխարհը քաղաքակիրթ դարձնել, յարաբերութիւնները զարգացնել, բայց կան խոչընդոտներ` հակաքաղաքակրթական ուժերը: «Անընդհատ պայքար կայ քաղաքակրթութիւններու եւ հակաքաղաքակրթական ուժերու միջեւ, ապացոյցը տեսանք ապրիլեան պատերազմի օրերուն: Ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդը միշտ քաղաքակրթական ուժերու կողմն է», նշեց Քոչարեան:

Ան ընդգծեց, որ հակաքաղաքակրթական ուժերու բախումը քաղաքակիրթ հանրութիւնը այսօր կը տեսնէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր իրենց բնօրրանին մէջ քաղաքակրթութիւններ կ՛ոչնչացուին: «Արցախի բարեկամութիւնը այլ երկիրներու հետ քաղաքակրթական ուժերու համագործակցութիւն է», շեշտեց փոխնախարարը:

Մասիս Մայիլեան. «Այս Գաղափարի Իրագործումը Արցախի Հանրապետութեան Կառավարութեան Եւ Հյդ-Ի Միջեւ Համագործակցութեան Արդիւնք Է»

Horizon Weekly Newspaper

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան նշեց, որ Արցախին սատարողները իր շուրջը համախմբելու գաղափարը 2 տարի առաջ ծնաւ, եւ այդ առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյին եւ բարերարին` համաժողովը բարձր մակարդակով  կազմակերպելնուն համար: Մայիլեան համաժողովի մասնակից տարբեր երկիրներու պատուիրակներուն երախտագիտութիւն յայտնեց` դժուար օրերուն Արցախի կողքին ըլլալնուն եւ Արցախի զարգացման նպաստելնուն համար` հաստատելով, որ այսօր շրջանին մէջ ապագայ խաղաղութեան հիմքեր կը դրուին այսպիսով:

«Երախտապարտ ենք, որ աջակցած էք արցախահայութեան` ազատութեան եւ արդարութեան հանդէպ ձգտման, որ կը նպաստէք Արցախի միջազգային կապերու զարգացման: Արցախի ճակատագիրին մէջ ունեցած ձեր աւանդը անգնահատելի է: Եւ այսօր, զարգացնելով համագործակցութիւնը, մենք շրջանին մէջ ապագայ խաղաղութեան հիմքերը կը դնենք:

«Ես անկեղծօրէն կը հաւատամ մեր համագործակցութեան հեռանկարներուն, քանզի անոր հիմք դրուած է ընդհանուր արժեհամակարգի նկատմամբ հաւատարմութիւնը, ուր առանցքային դեր կը խաղան ազատութեան, հաւասարութեան, մարդու իրաւունքներու իտէալները, ինչպէս նաեւ ձգտումը դէպի արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ զարգացում: Այսօր մենք այստեղ հաւաքուած ենք, որպէսզի գնահատենք մեր համագործակցութեան ներկայիս ընթացքը, միտքեր եւ նոր գաղափարներ փոխանակենք` փոխգործակցութեան զարգացման ուղիներուն վերաբերեալ: Յոյսով եմ, որ այսօրուան քննարկումներուն շնորհիւ կը ստեղծենք մշտապէս գործող հարթակ` նոր առաջարկներու քննարկման եւ իրագործման համար», յայտնեց ան:

Ամփոփելով` Մայիլեան վստահութիւն յայտնեց, որ համաժողովը միջազգային հանրութեան ուղղուած ազդակ պիտի դառնայ այն առումով, որ Արցախի մեկուսացումն ու անոր քաղաքացիները միջազգային համագործակցութեան կարելիութիւններէն զրկելը անթոյլատրելի է: «Մեր խորին համոզումով` մեկուսացումը պատերազմի շարունակումն է, մինչդեռ համագործակցութիւնը խաղաղութեան հիմքն է: Եւ բոլորիս ընդհանուր խնդիրն է աշխատանք տանիլ այս հիմքի ամրապնդման ուղղութեամբ` յանուն ամբողջ շրջանի խաղաղ ապագայի», շեշտեց ան:

Տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւնները պիտի մեկնին քոյր քաղաքներ, հանդիպում ունենան տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ, տեսակցութիւններ պիտի կազմակերպուին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին, պետական նախարարին, Ազգային ժողովի խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերուն հետ: Անոնք նաեւ պիտի այցելեն ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոն, եկեղեցի, եւ այլն: