Թարգմանչացը` Ճախրանքը Հայ Մտքին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ԳԷՈՐԳ ԱԲՂ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ

Հանճարային ու վեհապանծ է խորհուրդը Թարգմանչաց տօնին. աննկարագրելի ու գնահատանքէ անդին է գործը այն մեծ, տքնաջան ու երանելի սուրբերուն, որոնք հայ ազգը յաւիտենականութեան գիրկը մղեցին: Անկրկնելի են արժանիքներն ու անզուգական է փառքը անոնց, որովհետեւ աշխարհին մէջ շնչող ոչ մէկ էակ, ոչ մէկ մահկանացու կրցաւ կտակել այսքա՛ն վեհ ու սրբազան ժառանգ մը իր յետնորդներուն: Սուրբեր, որոնք հայութիւնը փրկեցին կորուստի ճգնաժամէն: Ապագան կերտեցին եւ ազգին տուին ինքնապաշտպանութեան զէնք եւ ինքնուրոյնութեան արդար իրաւունք: Անոնք երկրաւոր հարստութիւններէն կամաւորաբար զիջեցան` զանոնք համարելով խաւարամէտ եւ ժամանակավրէպ, որոնց մէջ իյնալով, մարդ կը խորտակուի ու կ’անհետանայ: Նման վարքագիծ որդեգրեց Ս. Սահակ հայրապետ, որ ձգելով Պարթեւական տան փառքն ու հարստութիւնը, ընտրեց եկեղեցական կեանքը: Նոյնպէս Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, հեռանալով արքունի փառքէն, յարեցաւ առաքելական կեանքին: Այսպէս կարելի է շարքը երկարել, բայց մեզի համար կարեւոր է իւրաքանչիւր սուրբի կենսագրական ծանօթութենէն անդին անցնիլ եւ հո՛ն գտնել էական արժէքը անոնց առաքելութեան եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին: Ճի՛շդ է, որ անոնք իրենց կեանքով հայ ժողովուրդին հաւատամքին թարգմանը հանդիսացան, սակայն նոյնքան կարեւոր է  գիտնալ, որ անոնք ինչպիսի՛ ներդրում ունեցան յանուն հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ պայծառացման ու պանծացման.ինչպիսի՛ պայմաններու դէմ յանդիման գտնուեցան եւ ինչպիսի՛ կացութիւններ դիմագրաւեցին: Նոյն շաւիղէն ընթացան նաեւ միւս բոլոր թարգմանիչ հայրերը` Շնորհազարդ Եզնիկ Կողբացի, Մատենագիր Մովսէս Խորենացի, Հրեշտակակրօն Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Շնորհալի Ս. Ներսէս Հայրապետ, Դիւցազներգակ Եղիշէ Պատմիչ, Ս. Ներսէս Լամբրոնացի, Կորիւն Սքանչելի եւ Դաւիթ Անյաղթ Փիլիսոփայ:

Թարգմանիչ սուրբ հայրերը աստուածային իմաստութեամբ, Անոր տուած զօրութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին շնորհներով ներշնչուած ու ոգեւորուած` սքանչելի ձեւով թարգմանեցին թանկարժէք մատեանները: Աստուածաշունչ մատեանը հայ ժողովուրդին համար կեանքի ձեւ ստացաւ եւ այդ պատճառով ալ կոչուեցաւ «Թագուհի Թարգմանութեանց»: Աւետարանի պատգամը անցաւ խօսքէն անդին, մեսրոպեան տառերով տարբեր հմայք ու գոյն ստացաւ մագաղաթին վրայ, շնորհիւ սրբալոյս թարգմանիչներուն եւ տիտանեան մատենագիրներուն: Թարգմանչաց հայրերը եղան զԱստուած հայօրէն խօսեցնող սուրբեր ու դարձան մէկական վահաններ` ի խնդիր հայոց լեզուի եւ կրօնի պաշտպանութեան: Այս սրբազան աշխատանքով անոնք ուզեցին անխախտ եւ կայուն պահել հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին: Սուրբ Գրոց բնագրագէտ ու բանասէր Պրուս Մեցկըր հետեւեալ հակիրճ, բայց յատկանշական վկայութիւնը կու տայ Աստուածաշունչի կատարեալ թարգմանութեան մասին. «Ընդհանուր առմամբ, հայերէն թարգմանութիւնը անգերազանցելի է իր ոճական գեղեցկութեամբ եւ վերածումի ճշգրտութեամբ: Կոչուած` Թարգմանութեանց Թագուհին, անիկա շատ աւելի ուշադրութեան արժանի է, քան քննաբաններ սովորաբար կ’ընծայեն անոր ուսումնասիրութեան»:

Ե. դարու թարգմանիչ հայրերը նաեւ հիմքը դրին հայ ինքնուրոյն գրականութեան, դպրութեան, ճարտարապետութեան, պատմագրութեան, բժշկութեան, փիլիսոփայութեան, աստուածաբանութեան եւ երաժշտութեան` կերտելով հայոց պատմութեան մէջ անզուգական Ոսկեդար մը: Ոսկեդարը հպարտանքով լեցուց հայոց հոգիները, վեհացուց զանոնք, սերունդներ խանդավառեց, արթնցուց խաւարի թմբիրէն եւ մղեց զանոնք սլանալու դէպի հայրենասիրութեան ու կրօնասիրութեան նոր բարձունքներ` ստեղծելով յատուկ սէր մշակոյթի եւ ստեղծագործ ոգիի հանդէպ:

Գրականութիւնը իր ստեղծագործական գագաթնակէտին հասաւ գիրերու գիւտէն հազիւ քանի մը տասնամեակ անց: Հետզհետէ, կրօնական գրութեանց կողքին, թարգմանուեցան նաեւ գիտական եւ իմաստասիրական բազմաթիւ ընտրելագոյն երկեր, եւ այսպէս մեր վեհապանծ թարգմանիչները ստեղծեցին հայ երկինքի վրայ շողացող «Ոսկեդար»-ը մեր գրականութեան: Հայը անցաւ ուսման ու մշակոյթի տիտղոսը կրող ազգութեանց շարքին: Հետագային չվարանեցաւ երբեք իր իմացական ուժերը կշիռի դնելու յոյն իմացական ուժերուն հետ: Եւ տակաւին` աշխարհը զգլխեց իր արուեստով ու երաժշտութեամբ:

Այս բոլորին մասին տեղեկանալը լաւ բան է, բայց մեր իմացութիւնը գերազանց կ’ըլլայ, երբ միայն տեղեկութիւններով եւ անոնց գովքը հիւսելով չբաւարարուինք, այլ անդրադառնանք, որ անփոխարինելի ժառանգութիւն մը հասած է մեզի եւ անոր հետ վերաբերինք արժանաւորապէս: Պէտք է իւրաքանչիւրս լուրջ խորհրդածութեան առարկայ դարձնէ, թէ մենք ո՞վ ենք իբրեւ ազգ այս աշխարհին վրայ եւ ինչպիսի՞ գոյակերպ որդեգրած ենք: Հետեւաբար, առաջնորդուինք հետեւեալ հարցադրումով.- Ե՞նք շեշտօրէն, լիովին ու վառօրէն այն, ինչ որ կոչուած ենք ըլլալու իբրեւ հայ, թէ ե՛նք պատահաբար, պատշաճաբար, հարկադրաբար, պարզապէս բա՛ն մը ըլլալու համար, որովհետեւ կարելի չէ բան մը չըլլալ աշխարհ կոչուած համակարգին մէջ: Հետեւաբար, մեր բուն խնդիրը մեր ի՛նչ ըլլալուն եւ ինչպէ՛ս ըլլալուն մէջ է: Երբեմն, անգիտակցաբար եւ կրաւորական ձեւով, աւելի հետեւելու ընթացքին մէջ կը գտնենք մենք մեզ, քան` լիիրաւ լինելութեան, կապկելու, քան` ստեղծագործելու, ընդունելու, քան իմաստաւորելու, ինչ որ ձեւով մը «ինքնութեան մահ է, սովորական մահէն առաջ»: Պէտք է տէրը ըլլանք մեր ինքնութեան եւ անտարբեր չգտնուինք, եւ միշտ պատասխանատուութեան զգացումը մեր առաջնորդը նկատելով` ընթանանք հաստա՛տ ու գիտակի՛ց` քայլերով դէպի թարգմանչաց սերունդի հաւատարիմ ժառանգորդները դառնալու լուսեղէն ճամբէն:

Գիտակից պատասխանատուութեան զգացումով ապրինք եւ կենսագործենք մեր գոյութիւնը,որովհետեւ պատասխանատուութեան զգացումի ինքնուրոյն մղումը ունեցող մարդը իր անձը գերազանցող արժէքներու կը հաւատայ, նուիրական սրբութիւններուն հանդէպ խոր յարգանք կ’ունենայ եւ իրմէ վեր` Աստուծոյ, եւ իր  ազգին հանդէպ հարկատու կը զգայ: Մեծ մարդիկը անոնք չեն, որոնք մեծ կարողութիւններով օժտուած են եւ ո՛չ ալ անոնք, որոնք անհուն գիտութեան տիրացած են, այլ անոնք, որոնք ինչ որ ալ եղած են եւ ինչ որ ալ ունեցած` զայն սպասաւորած են իրենցմէ վեր արժէքի մը` իրենց կեանքով ու գործով: Ան, որ ինքնիրմով, ինքնիրեն համար ապրած է, խոտի պէս ուրիշներու կողմէ ոտքի կոխան դարձած է եւ իր հետքն անգամ, նշոյլն իսկ չէ մնացած, ինչպէս սաղմոսերգուն ալ կը յիշեցնէ մեզի` ըսելով. «Մարդոյ որպէս խոտոյ են աւուրք իւր, որպէս ծաղիկ վայրի այնպէս ծաղկէ: Շնչէ ի նմա հողմ, եւ ոչ է, եւ ոչ եւս երեւի տեղի նորա» / «Արդարեւ մարդուս կեանքը խոտի կը նմանի, կը ծաղկի այնպէս, ինչպէս վայրի ծաղիկը. երբ խորշակը անոր վրայ կը փչէ` ա՛լ կը դադրի գոյութիւն ունենալէ, անոր տեղն իսկ չես գիտնար» (103.15-16):Երբ մեր կեանքն ու գործերը քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով չեն շաղախուած, չեն հունաւորուած քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքով, սիրով, տեսիլքով ու տեսլականով, մեր գոյութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ: Բայց ան, որ իր կեանքը իր անհատական անձէն անդին` Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգին հետ ու անոնց համար կ’ապրի, անոնց հետ իր անձը շաղախելով, ինքզինք կ’ապրեցնէ յաւերժութեան շունչով: Արդ, թարգմանչաց սերունդը լաւագոյն օրինակը հանդիսացաւ այս պատասխանատուութեան գործնական արտայայտութեան, որովհետեւ իրենց համար ա՛յս էր հայու կեանքի ոճը, գործի եղանակը եւ գոյատեւման ճամբան, որովհետեւ անոնք հաւատացին տեսիլքը տեսլականի եւ տեսլականը կենդանի վկայութեան փոխակերպող գաղափարին, եւ ո՛չ միայն հաւատացին, այլ նաեւ իրենց վարքով ու բարքով սորվեցուցին կատարել ճշմարիտ եւ իմաստուն յեղափոխութիւն ու ըլլալ իմաստուն յեղափոխականներ այս աշխարհին մէջ:

Արդ, կարելի է հետեւցնել, որ «Արժէքներու նախընտրութիւնը ազգի մը արժէքին չափանիշն է»: Ուրեմն պէտք է մտածել, թէ արդեօք ինչպիսի՞ արժեհամակարգ մը որդեգրած ենք, եւ ո՞ւր գտած ենք մեր կեանքի իմաստը` նիւթական առաւելութեանց մէ՞ջ, թէ՞ ցուցադրականութեա՞ն մէջ: Պէտք է անվարանօրէն հաստատել, որ ասոնք սոսկ փորձաքարեր են: Կեդրոնանանք իրակա՛ն արժէքներուն վրայ եւ փորձենք զանոնք գտնել հայ գիրին ու դպրութեան, հայ լեզուին ու մշակոյթին, ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ, որպէսզի ազգովին անմահանանք եւ քրիստոնէական հաւատքով, յոյսով եւ սիրով ողողուինք ու պայծառանանք: Ահաւասիկ, հո՛ս կը կայանայ մեր ուժը` առաքինութեան աւիշով սնած եւ յատկանշուած, որովհետեւ երբ այս ուժով թափ ստանայ մեր կեանքը, մենք կը յաղթենք կեանքի զանազան տեսակի փոթորիկներուն եւ երկրաշարժներուն:

Հետեւաբար, թարգմանչաց հայրերուն նման, մենք ալ կառչած մնանք մեր ազգային ու եկեղեցական ինքնուրոյն կերպարը բնորոշող արժէքներուն, աւանդութիւններուն եւ սրբութիւններուն, որովհետեւ այս բոլորը ունենալը մեզի համար զարդ չեն, այլ շնորհուած վայելք եւ անսակարկելի պարտք: Եթէ տէրն ենք մեր ունեցածին, ուրեմն մօտենանք անոր իմաստութեամբ եւ տէր կանգնինք այս աւանդին` պատասխանատուութեամբ, երկիւղածութեամբ եւ արժան ձեւով: