Արցախի Բարեկամները Կը Յայտարարեն «Փրօ Արցախ» Միջազգային Ցանց Ստեղծելու Մասին

Uncategorized, Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 11-ին, Ստեփանակերի մէջ տեղի ունեցած «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովի մասնակիցները ընդունած են ամփոփիչ հռչակագիր:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հռչակագրի ամբողջական բնագիրը.

Արցախի բարեկամներու «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» համաժողովի՝

– Առաջնորդուելով Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրին եւ մարդու իրաւունքներու այլ հիմնարար փաստաթղթերու մէջ ամրագրուած ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներով եւ գաղափարներով,

– Ճանչնալով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը՝ որպէս մարդկութեան կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ապահովման ճանապարհին, եւ համոզուած ըլլալով, որ ատոր արդիւնաւէտ կիրառումը առաջնահերթ նշանակութիւն ունի պետութիւններու միջեւ ինքնիշխան հաւասարութեան սկզբունքի յարգման վրայ հիմնուած բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացումը խթանելու համար,

– Հաստատելով պետութիւններու յանձնառութիւնը՝ զերծ մնալու որեւէ բռնի գործողութիւններէ, որոնք ժողովուրդները կը զրկեն ինքնորոշման, ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքէն,

– Նշելով, որ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կայուն կարգաւորումը հնարաւոր է բացառապէս խաղաղ միջոցներով՝ հիմնուած Արցախի ժողովուրդին կողմէ իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի արդիւնքներու ճանաչման վրայ,

– Վերահաստատելով բանակցային գործընթացի բոլոր փուլերուն Արցախի Հանրապետութեան լիարժէք մասնակցութեան վերականգնման միջոցով ԵԱՀԿճի Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերու արդիւնաւէտութեան բարձրացման կարեւորութիւնը,

– հաշուի առնելով, որ անկախութեան համար պայքարին Արցախի ժողովուրդը առաջնորդուած է միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ օրէնքներով, ժողովրդավարական արժէքներով եւ համամարդկային կատարելատիպերով, որոնք կը շարունակեն մնալ Արցախի Հանրապետութեան պետականաշինութեան գործընթացի հիմքը,

– Բարձր գնահատելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու հետեւողական քայլերը՝ ուղղուած ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան ամրապնդմանն ու զարգացման՝ հիմնուած օրէնքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքի վրայ,

– Անթոյլատրելի համարելով միջազգային գործընթացներէն Արցախի մեկուսացման երեւէ ձեւ եւ անոր ժողովուրդին միջազգային համագործակցութեան առաւելութիւններէն զրկելը,

– Վերահաստատելով մարդու իրաւունքներու համընդհանրութիւն ու անքակտելիութիւնը՝ անկախ այն երկրի քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային կարգավիճակէն, ուր կ՛ապրի անհատը,

– Ճանչելով թէ՛ երկկողմ եւ թէ՛ բազմակողմ հիմունքներով միջազգային համագործակցութեան առանցքային նշանակութիւնը՝ ժողովուրդներու միջեւ խաղաղ յարաբերութիւններու եւ բարեկամութեան զարգացման, փոխադարձ մշակութային հարստացման, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարգաւաճման խթանման հարցով,

– Կարեւորելով կրթական, մարզական, մշակութային եւ տնտեսական ոլորտներու մէջ Արցախի հետ գործնական համագործակցութեան եւ փորձի փոխանակման համար համակարգային հիմքի ստեղծումն եւ ամրապնդումը՝ մեր աջակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի ժողովուրդին՝ ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ճանապարհին, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղուած անոր ջանքերուն,

Պատրաստակամ ենք այսուհետ եւս զարգացնելու եւ խորացնելու երկխօսութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ՝ հասարակական եւ քաղաքական լայն շրջանակներու ներգրաւումով:

Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան ձեռնարկելու անհրաժեշտ բոլոր քայլերը՝ ժողովրդավարութիւնը առաջ մղելու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած միջազգային համագործակցութեան մէջ Արցախի լիարժէք մասնակցութեան խոչընդոտները վերացնելու ուղղութեամբ:

Կը յայտարարենք Արցախի բարեկամներու միջազգային ցանց՝ «Փրօ Արցախ», ստեղծելու մասին՝ միջազգային հարթակի վրայ Արցախի մասին տեղեկացուածութիւնը բարձրացնելու, անոր ժողովուրդին օրինական շահերը պաշտպանելու, միջազգային գործընթացներու մէջ Արցախի ներգրաւման աջակցելու նպատակով: