Գարեգին Բ. Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Վերջին Զարգացումներուն Գծով
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն առիթով:
«Վերջին ժամերուն տագնապալի լուրեր կըք ստանանք Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելքը Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ռազմական ներխուժման վերաբերեալ: Համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրենք Թուրքիոյ կողմէ միջազգային կարգի ու օրէնքի դէմ գործողութիւններուն վրայ՝ ակնկալելով հրատապ ու գործնական քայլեր՝ հետագայ արիւնահեղութիւնը կանխելու համար:
«Փոքրամասնութիւններու՝ ներառեալ սուրիահայ մեր զաւակներու դէմ վերջիններուս ազգային ինքնութեան պատճառով Թուրքիոյ կողմէ յարձակումներու վտանգը կ՛արթնցնէ նոյն պետութեան կողմէ 1915-23 թուականներու իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յուշերը եւ պէտք է խստագոյն դատապարտութեան արժանանայ միջազգային հանրութեան կողմէ:
«Կիսելով ցաւն ու տառապանքը պատերազմի արհաւիրքը ապրող Սուրիոյ բարեկամ ժողովուրդին, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն՝ աղօթք կը բարձրացնենք առ Աստուած Սուրիոյ եւ ողջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան շուտափոյթ վերահաստատման համար: Կատարուածը չունի որեւէ արդարացում:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը բերել Սուրիոյ ժողովուրդին եւ մեր ազգի զաւակներուն»,- ըսաւ վեհափառը:
