Բողոքի Ցոյց Գամիշլիի Մէջ

Uncategorized, Աշխարհ

ԵՌԱԳՈՅՆ-Այսօր կէսօրին, Սուրիոյ ժամով 12:00-ին, պետական նախաձեռնութեամբ՝ Գամիշլիի «Սապաա Պահրաթ» կոչուող հրապարակին մէջ, տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ Թուրքիոյ յարձակումներուն դէմ։ Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղի քրիստոնեայ համայնքներն ու արաբական աշիրէթները։ Այնտեղ էր նաեւ տեղի հայ համայնքը, գլխաւորութեամբ՝ Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի։

Ցուցարարները իրենց բողոքի կոչը ուղղեցին միջազգային ընտանիքին՝ դատապարտելով Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիական հիւսիւսային շրջաններ, պահանջեցին սանձել Թուրքիոյ ոճրագործութիւնները եւ կանխարգիլել աղիտալի դէպքերը: