Սուրիոյ Հակահարուածը Գամիշլիէն. Վեց Հրթիռ Դէպի Մծբին

Աշխարհ

Անյայտ անձինք վեց հրթիռ արձակած են Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն, այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Anadolu լրատուական գործակալութենէն:
Հրթիռներն ինկած են Գամիշլիին կից գտնուող Մծբին քաղաքի կեդրոնին:
Յարձակումները սկիզբ առած են երէկ երեկոյան, Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի «Խաղաղութեան աղբիւր» կոչուող գործողութեամբ, որուն նպատակը քիւրտ զինեալներու եւ ԻՊ խմբաւորման ահաբեկիչներուն դէմ պայքարն է: Ըստ Թուրքիոյի ղեկավարի, ռազմական գործողութիւններուն նպատակը Թուրքիոյ հարաւային սահմաններու մօտակայքին գտնուող ահաբեկիչներու կողմէն վերահսկուող գօտիին ոչնչացումն է՝ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով:
Ներկայ տուեալներով Գամիշլիի մէջ մի քանի բնակարան այրած է 8 մարդ զոհուած է եւ 20-ը վիրաւորուած։