Գամիշլին Թուրքիոյ Օդային Յարձակումներու Թիրախ. Այսօր Դպրոցները Փակ են

Աշխարհ, Սփիւռք

ԵՌԱԳՈՅՆ .- Երէկ երեկոյեան սկսաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողանի երկարատեւ ծրագրուած յարձակումը Սուրիոյ հիւսիսային կողմը գտնուող՝ Գամիշլի, Տրպեսիէի եւ Ռաս ուլ Այն շրջաններու վրայ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅ-ին յայտնեցին Գամիշլիի մեր աղբիւրները։ Առ այդ ապահովական նկատառումներով այսօր դպրոցները փակ պիտի մնան։

Գամիշլիի մէջ ռմբակոծուած են շրջանի ծայրամասերը՝ յատկապէս այնտեղ, ուր կը գտնուին քրտական զօրակայանները։ Օդային յարձակումները կը տեղան տարբեր կողմերէ, նոյնիսկ Գամիշլիին կից գտնուող Մծբին քաղաքէն, որ շատ մօտ է գերեզմանոցին։ Ռումբերէն մէկը ինկած է Պշերիէ թաղամասին մէջ եւ այրած բնակարան մը։ Ճաղճաղ գետի միւս ափին գտնուող Պշերիէ  թաղամասին բնակչութիւնը տեղափոխուած է Ուսթա հայաբնակ թաղամաս, ուր աւելի ապահով է։

Ընդհանուր առմամբ հրթիռակոծումներուն հետեւանքով, այսօր, զոհուած է 8 եւ վիրաւորուած՝ 20 մարդ։

Թուրքիան հետզհետէ կ՚ընդլայնէ իր յարձակման գործողութիւններու աշխարհագրութիւնը, իսկ քիւրտերը իրենց կոչով յայտարարեցին, որ իրենք պէտք է պատրաստ ըլլան վատթարագոյնին։