«Սա Հսկայական Պատիւ է, Զոր Պիտի Ուրախացնէր Մայրիկս»․ Փիոթրովսքին` Երեւանի Պատուաւոր Քաղաքացի

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 8-ին Երեւանի քաղաքապետի առաջարկով աւագանին միաձայն քուէարկութեամբ ընդունեց  ՀՀ ժողովրդական արտիստ Երուանդ Մանարեանին Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհել: Աւագանիի յաջորդ որոշումով Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչման արժանացել նաեւ «Էրմիթաժ» թանգարանի գլխաւոր տնօրէն, ակադեմիկոս Միխայիլ Փիոթրովսքին:

Ս․ Փեթերզպուրկի Էրմիթաժի տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքին արձագանգած է իրեն Երեւանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհելու որոշումին:

«Ես զգացուած եմ, երջանիկ եւ շոյուած: Սա հսկայական պատիւ է, զոր պիտի ուրախացնէր մայրիկս, հայրիկս ու բոլոր այն հրաշալի երեւանցիները, որոնց հետ կեանքիս ընթացքին երջանկութիւն ունեցած են շփուելու, բոլոր Ջանփոլատեաններուն ու Տէր Պօղոսովներուն եւ բոլոր մնացածներուն:

Ես կը սիրեմ Կարմիր Բլուրի ու Էրեբունիի Երեւանը, Ալեքսանդր Թամանեանի ու Մարտիրոս Սարեանի Երեւանը եւ շատ կը սիրեմ Երեւանը, որ արդէն չկայ` Հին Բաղնիքի մօտի փողոցները, ուր մեր տունն էր եւ ուր այսօր յուշատախտակ կայ ի պատիւ Պորիս Պորիսովիչ Փիոթրովսքիի, որուն «հայ ժողովուրդի փեսայ» անուանած են:

Շնորհակալ եմ բոլորին` իմ եւ հանգուցեալ մայրիկիս` Հռիփսիմէ Ջանփոլատեանի անունէն», – գրած է Միխայիլ Փիոթրովսքին: