Ճեքի Քանչելեան-Սփիր Եւ Ճուտի Չու Արցախի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցան

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 8 -ին Արցախ հասան Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներ Ճեքի Քանչելեան-Սփիր եւ Ճուտի Չու, որոնք Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցան Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի, արտաքին գործոց փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեանի, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեանի, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Թերեզա Երէմեանի եւ Րաֆֆի Սարգիսեանի կողմէ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Լիլիթ Մակունց, Սօս Աւետիսեան, Վահան Կոստանեան եւ Վահան Ազարեան:

Ապա անոնք յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։

Նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպումին քննարկուեցան ամերիկեան-արցախեան յարաբերութիւններուն, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման, տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող  հարցեր: Նախագահը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի արտաքին քաղաքական օրակարգի կարեւոր ուղղութիւններէն է՝ բարձր գնահատելով Միացեալ Նահանգներուն դերը Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման եւ մեր տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման առումով:

Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ անոնց կատարած աշխատանքին համար: Ան շնորհաւորեց Ճեքի Քանչելեան-Սփիրը՝ Հայկական Համագումարին կողմէ մրցանակի արժանանալուն առիթով եւ նշեց. «Այն երկարատեւ աշխատանքը, որ դուք ըրած էք ի նպաստ հայութեան խնդիրներու լուծման, արժանացածլ է պատշաճ գնահատականի»:

Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատեց Ճուտի Չուի աշխատանքը քոնկրեսին մէջ՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան մէջ ազգային պաշտպանութեան հարցերով անոր նախաձեռնութիւնը կարեւոր է՝ տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանման առումով, ինչ որ, իր հերթին, որոշիչ է տարածաշրջանի ժողովուրդներու ապագայի կերտման առումով:

Ճեքի Քանչելեան-Սփիր հաստատեց, որ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք Արցախի շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ, եւ այդ առումով արցախցիները կրնան իրենց վստահիլ։

Ճուտի Չուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու իր նախաձեռնութիւնը, որ ընդունուած է Ներկայացուցիչներու տան կողմէ եւ նպատակ ունի ամրապնդելու զինադադարի դրութիւնը ու համապատասխան մեքանիզմներ սահմանելու ատոր պահպանման համար:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներուն եւ համագործակցութեան յետագայ ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր:

Քոնկրեսականները այնուհետեւ հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու եւ խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին խորհրդարանի ղեկավարը նշեց, թէ Արցախը բաց է համագործակցութեան համար եւ կ՛ակնկալէ, որ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին ամերիկեան կառոյցները, ազատութեան ու ժողովրդավարութեան իրավիճակի մասին ոչ միայն հեռակայ մշտադիտարկում իրականացնեն, այլ նաեւ ուղղակիօրէն աշխատին Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան հետ ու աջակցութիւն ցուցաբերեն ժողովրդավարական կառոյցներու կատարելագործման:

«Արցախի մէջ ապրող մարդիկ ունեն նոյն իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ինչպէս ցանկացած երկրում ապրող մարդիկ, եւ քաղաքական կարգավիճակով պայմանաւորուած սահմանափակումներն անթոյլատրելի են: Ուստի՝ յոյս ունեմ, որ մեր յարգարժան քոնկրեսականներն իրենց նախաձեռնութիւններում ուշադրութիւն կը դարձնեն նաեւ անվտանգութիւնից ոչ պակաս կարեւոր այս խնդրին», նշեց Ղուլեան:

Ճեքի Քանչելեան-Սփիր՝ խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այսօր աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութիւններուն մասին, նշեց, որ պէտք է կարելին ընել զանոնք կանխելու համար։ Անդրադառնալով Արցախին՝ ան նշեց. «Հաստատակամ եմ իմ ջանքերուս մէջ եւ ամէն ինչ պիտի ընեմ, որպէսզի դուք ապրիք ձեր երկրին մէջ, ունենաք կանխատեսելի ապագայ, ըլլաք անվտանգ եւ ունենաք այն ապագան, որուն կը ձգտինք իբրեւ Հայաստանի մաս»:

Ճուտի Չուն Արցախի խորհրդարանականներուն ներկայացուց ազգային պաշտպանութեան վերաբերեալ իր օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որ պիտի քննարկուի Ծերակոյտին կողմէ։

1009Congress-Mayilian

Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրեսականներուն կարեւոր աշխատանքին համար, անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին եւ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օգնութեան՝ յատկապէս ընդգծելով ամերիկեան կառավարութեան կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ականազերծման ծրագիրի կարեւորութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ այդ ծրագիրի աւարտէն ետք գումարները պիտի վերահասցէագրուին Արցախի մէջ այլ կարեւոր նախաձեռնութիւններու իրականացման:

Հանդիպման ընթացքին Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Խանումեան յիշեցուց Արցախի գիւղերուն մէջ առողջապահութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտներուն մէջ ամերիկեան աջակցութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիրները եւ առաջարկեց օժանդակել ծրագիրներուն զարգացման:

Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւս կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները եւ բարձր գնահատած քոնկրեսականներուն, յատկապէս Հայկական հարցերով յանձնախումբին ջանքերը՝ սատարելու Արցախի տագնապի խաղաղ կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ Արցախին ֆինանսական օգնութեան տրամադրման:

Հիւրերուն խնդրանքով Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացները։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լեւոն Կիրակոսեան ողջունեց քոնկրեսականներ Չուի եւ Սփիրի Արցախ այցելութիւնը, որ կատարուեցաւ հակառակ Արցախ չայցելելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութեանց սպառնալիքներուն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին շեշտեց, թէ այս այցելութիւնները աւելիով կը հիմնաւորեն Արցախին աջակցելու նպատակով հայամէտ քոնկրեսականներուն օրէնսդրական ջանքերը։

1009Congress-Khorhertaran