Երկու Իրադարձութիւններ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ


Անցնող օրերուն, ուշագրաւ երկու իրադարձութիւններ եկան անգամ մը եւս ապացուցելու, որ մեր համայնքը եւ անոր կազմակերպական կառոյցները քաղաքականօրէն որքան կենսունակ են: Անոնք եկան անգամ մը եւս բացայայտելու, թէ այս գաղթօճախը որքա՛ն քաղաքական ներոյժ եւ կարողականութիւն ունի եւ, իբրեւ օրինակ՝ ցոյց տալու այս ներուժին ու կարողականութեան  հասանելիութեան սահմանները:

Խօսքս, անշուշտ, կը վերաբերի վարչապետ Փաշինեանի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան օրերուն Հայաստանի եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրին եւ քանի մը օր առաջ, նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի ստորագրած թիւը 1320 բանաձեւին, որմով օրէնքի ուժ կը ստանար նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշելու նահանգային Ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ արդէն իսկ ընդունուած օրէնքի նախագիծը:

Պատահականօրէն ձեռք բերուած իրագործումներ չեն ասոնք: Նման յաջողութիւններ մէկ օրէն միւսը չեն ծնիր ու իրականութիւն դառնար: Նման ձեռքբերումներ կը կարօտին լուրջ եւ համապարփակ ծրագրումի ու նախապատրաստութեան, բայց մանաւանդ՝ անդուլ եւ երկարատեւ շունչով աշխատելու ու հետապնդելու յանձնառու վճռակամութեան: Ահա՛ այսպիսի յանձնառութեան մէջ պէտք է փնտռել դերակատարութիւնը Հայ Դատի շրջանային եւ տեղական յանձնախումբերուն՝ իբրեւ ծրագրող, կազմակերպող ու երկար ժամանակի վրայ տարուելիք աշխատանքները խթանող առանցքային ոյժ: Տարիներու վրայ երկարող անհամար ժողովներու, ճամբորդութիւններու, աշխատանքային հանդիպումներու, քաղաքական շփումներու, բանակցութիւններու ամբողջ բեռով մը կու գան այսպիսի իրագործումները, որոնց կրողը Հայ Դատի յանձնախումբերն են մեծաւ մասամբ: Չենք մոռնար անշուշտ աջակցութիւնն ու ներդումը այս յաջողութեանց մէջ հայ կամ  մեր ժողովուրդին բարեկամ պետական պաշտօնատարներու եւ քաղաքական գործիչներու, որոնց միշտ երախտապարտ կը մնայ մեր համայնքը:

Հայաստանի եւ Քալիֆորնիա նահանգին միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձանագիրը, – որուն գլխաւոր ճարտարապետն էր Հայ Դատի յանձնախումբը, – կարեւոր քայլ մըն է Հայաստանի զարգացման եւ հայկական պետականութեան հզօրացման մեր համազգային ճիգերուն մէջ: Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան, Հայ ուսանողներու միութեան եւ Հայ Դատի յանձնախումբին մտայղացումով ծնունդ առած թիւը 1320 բանաձեւը մեր ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր մեր համազգային պայքարին մէջ նշանակալի իրագործում մըն է: Հաւանաբար, այս երկուքին համատեղումով պէտք է փորձել բնորոշել Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու համահայկական օրակարգին մէջ Սփիւռքին վերապահուելիք դերակատարութիւնը:

Յառաջիկայ օրերուն՝ 18 եւ 19 Հոկտեմբերին, Փասատինայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայ Դատի յանձնախումբին Grassroots համագումարը, իսկ 20 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը «Պեվըրլի» պանդոկի սրահին մէջ։ Վերեւը ըսուածէն ետք, այլեւս անհրաժեշտութիւնը կա՞յ բացատրելու, թէ ինչո՛ւ պէտք է մասնակցինք այս ձեռնարկներուն եւ զօրավիգ կանգնինք Հայ Դատին: