
Ես Լիովին Կ՛ոչնչացնեմ Ու Կը Կործանեմ Թուրքիոյ Տնտեսութիւնը. Թրամփ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր թուիթըրեան էջին վրայ գրած է, որ պիտի ոչնչացէ ու կործանէ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։
«Ինչպէս ես նախապէս խստօրէն պնդած եմ, ուղղակի յիշեցման կարգով կ՛ըսեմ, որ եթէ Թուրքիան ընէ որեւէ բան, որ ես, իմ մեծ եւ անմրցելի իմաստութեամբ, համարեմ սահմաններէն դուրս` լիովին կ՛ոչնչացնեմ եւ կը կործանեմ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը (ես ատիկա նախապէս ալ ըրած եմ): Անոնք, Եւրոպան եւ մնացածը պէտք է ուշադիր ըլլան…»։