Բազմաթիւ Երկիրներու Նախագահներ Հայաստան Կը Ժամանեն՝ ԵԱՏՄ Բարձրագոյն Խորհուրդի Նիստին Մասնակցելու

Աշխարհ, Հայաստան

Հոկտեմբեր 1-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն պիտի մասնակցի ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարները, հրաւիրեալ եւ դիտորդի կարգավիճակով այլ երկիրներու նախագահներ եւ պատուիրակութիւններ։

Հայաստան ժամանած է Պելառուսիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոն: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ զայն դիմաւորած է ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան: Նոյն օրը տեղի ունեցած է Փաշինեան- Լոքաշէնքօ հանդիպումը։

Հայաստան է նաեւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն, որ նիստին պիտի մասնակցի որպէս դիտորդի կարգավիճակ ունեցող երկրի ղեկավար: Ժամանած են նաեւ Ղրղզստանի Հանրապետութեան նախագահ Սոորոնպայ Ժէենպեկովը։

Սեպտեմբեր 30-ի երեկոյեան Հայաստան հասաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհան, որ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ ՀՀ փոխվարչապետՄհեր Գրիգորեանի կողմէ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմեն Սարգսեանը նախագահական նստավայրին մէջ հիւրընկալեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը։ Իրանի եւ Սինկափուրի ներկայացուցիչները նիստին պիտի մասնակցին հրաւիրեալ երկիրներու ղեկավարներու կարգավիճակով։

Երեւան կը ժամանեն նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-Թոքաեւ։

ԵԱՏՄ խորհուրդի նիստին պիտի մասնակցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Եւրասիական Տնտեսական յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան: