Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Գործօնը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Հայաստան ո՛չ միայն մասնակցեցաւ վերջերս Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք՝ Պիշքէքի մէջ կատարուած Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին, այլ որպէս Եւրասիական տնտեսական միութեան մարմիններու նախագահող ղեկավարութիւնը ստանձնող երկիր, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` կատարեց բացումը եւ իր խօսքին մէջ լայնօրէն արծարծեց զանազան բնագաւառներ, յաւելեալ մատնանշումներ կատարելով:

Ան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ այս միութիւնը մեծ ապագայ ունի` հակառակ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն ընդգծելով, թէ ղեկավարներու հանդիպումը մեծ արժէք ունի, յատկապէս երբ բոլորը շարունակական համաշխարհային ճգնաժամի մէջ են:

Մօտէն քննուեցաւ եւ խօսուեցաւ մինչեւ 2025 թուականը ընդհանուր ելեւմտական շուկայի ձեւաւորման աշխատանքային ծրագիր մշակելու եւ հաստատելու անհրաժեշտութեան մասին, իսկ ելեւմտական շուկայի ստեղծումը ո՛չ միայն սկզբունքային նշանակութիւն ունի համարկումի միաւորման հետագայ կատարելագործման, այլ նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ տնտեսական կապերու խորացման համար:

Քննութեան առարկայ էր նաեւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ պետութիւններու պիւտճէներուն միջեւ ներմուծման մաքսատուրքերու բաշխման վերաբերեալ վերջնական որոշման դասաւորումն ու բանաձեւումը: Թնճուկ մը, որ ժամանակ կը խլէ՝ մանրամասնօրէն քննուելով եւ զանազան կարծիքներու դուռ բանալով:

Նիստէն ետք, Հ. Հ. վարչապետ Փաշինեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան անգամ մը եւս մանրամասն եւ բծախնդիր հաստատումներ կատարեցին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Հայաստան կը շարունակէ կամրջել Եւրոմիութեան եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան միջեւ, հակառակ անոր որ ներկայ իրավիճակը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, թէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան ընձեռած պայմանները շատ աւելի բարենպաստ են առեւտրական գործակցութեան բնագաւառէն ներս, քան Եւրոմիութեան երկիրներուն տրամադրած հնարաւորութիւնները, որոնք կը մնան մակերեսային եւ քիչ արդիւնաբեր:

Պիշքէքի ժողովը միայն փրոթոքոլային բնոյթ ունեցող հանդիպում մը չէր: Խօսակցութիւններն ալ միայն առեւտրական-տնտեսական գործակցութեան խորացման կամ քաղաքական երկխօսութեան ամրապնդման նիւթեր չէին, այլ կատարուեցան «թինք թանք»ի խոր քննարկումներ: Միեւնոյն թափով, յառաջիկայ Հոկտեմբերին, այս անգամ Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի միջազգային համաժողովը, որ պիտի արծարծէ «Եւրասիական մայր ցամաքի տարանցիկ ներուժը» նիւթը: