Գիւմրին Այս Տարի Պիտի Ըլլայ Անկախութեան Տօնակատարութիւններու Կեդրոնը. ՀՀ Վարչապետ

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Օգոստոս 25-ին, իր տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի եւ դուստրերուն հետ այցելած է Գիւմրի եւ մասնակցած Գիւմրիի օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն: Այս տարի Գիւմրիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան «Վարպետներու քաղաք Գիւմրի» խորագիրով:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը սկսած է հիմնանորոգուած Շիրազի փողոցէն, որուն բացումը հանդիսաւորութեամբ կատարուած է: Փողոցի մուտքը երիզող կարմիր ժապաւէնը կտրած են մեծանուն հայ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի թոռները:

Շիրազի փողոցին մէջ կատարած շրջապտոյտի ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ծանօթացած է Գիւմրիի գեղագիտական կեդրոնի սաներու ցուցահանդէսին, ինչպէս նաեւ Արհեստներու ու արուեստներու փառատօնի շրջագիծին մէջ ներկայացուած աշխատանքներուն: Վարչապետը իր ընտանիքին հետ այցելած է նաեւ Ս. Նշան եկեղեցի:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան ներկայ գտնուած է «Խօսում են Գիւմրիի մեծերը» խորագիրով տօնական ձեռնարկներուն, դիտած է բացօթեայ թատերական ներկայացումները` Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանին մէջ` «Դիմաւորում է Ֆրունզը», Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ` «Հիւր վարպետին» եւ Յովհաննէս Շիրազի թանգարանին մէջ` «Հրաւիրում է Յովհաննէս Շիրազը» խորագիրներով:

Վարչապետը իր ընտանիքին հետ այցելած է Ձիթողցոնց տուն-թանգարան` Գիւմրիի ժողովրդական ճարտարապետութեան եւ քաղաքային կենցաղի թանգարան, ապա` քանդակագործ Սերկէյ Մերկուրովի տուն-թանգարան:

Երեկոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է «Գիւմրիի օր-2019» տօնական համերգին, որուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Գիւմրին այս տարի պիտի ըլլայ անկախութեան տօնակատարութիւններու կեդրոնը` ըսելով. «Այս տարի Գիւմրին պիտի ըլլայ  Հայաստանի Անկախութեան օրուան` Սեպտեմբեր 21-ի տօնակատարութիւններու կեդրոնը, այսինքն` Սեպտեմբեր 21-ի գլխաւոր տօնակատարութիւնները տեղի պիտի ունենան Գիւմրի քաղաքին մէջ: Այսպիսով, մենք նոր աւանդութեան սկիզբ կը դնենք. այսպէս ամէն տարի մենք 21 սեպտեմբերը` Անկախութեան օրը, մարզէ մարզ պիտի տեղափոխուինք, եւ ատիկա պիտի սկսինք Գիւմրիէն»: