Պաքու ՄԱԿ-ին Կը Բողոքէ Արցախի Մասին Երեւանի Ներկայացուցած Փաստաթուղթին Գծով

Աշխարհ, Հայաստան

Պաքու 22 Օգոստոսին, բողոքի նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին՝ Արցախի մասին Հայաստանի կողմէ տարածուած փաստաթուղթի մը կապակցութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը։

Ըստ հայկական կողմին՝ ՄԱԿ-ի մէջ զեկոյց տարածուած է՝ «Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու եւ տնտեսական, սոցիալական (ընկերային, Խմբ.) ու մշակութային զարգացում ապահովելու նպատակով Արցախի իշխանութիւնների վարած քաղաքականութեան վերաբերեալ»:

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը յայտարարեց, որ Երեւան «չարաշահած է իր անդամակցութեան իրաւունքը եւ անջատողական ապօրինի վարչակարգին մասին փաստաթուղթեր տարածած է»:

Արցախի Հանրապետութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան հեղինակած այս փաստաթուղթը Հայաստանի ներկայացուցչութեան քայլին շնորհիւ տեղադրուած է ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքին վրայ։ Հոն կը ներկայացուին տեղեկութիւններ, Արցախի մէջ արձանագրուած յառաջդի-մութեան մասին: