Հայաստանի Զինուած Ուժերը Ռազմավարական Նշանակութեան Դիրքերու Վրայ Վերահսկողութիւն Հաստատած Են. Արծրուն Յովհաննիսեան

Հայաստան

Հայաստանի Զինուած ուժերը ռազմավարական նշանակութեան դիրքեր առած են իրենց վերահսկողութեան տակ: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտնած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան` անդրադառնալով շրջանարուող լուրերուն, որ հայկական զինուժը Տաւուշի հիւսիսային հատուածին մէջ ունեցած է նոր բնագիծ` վերահսկողութեան տակ առնելով Վրաստանէն Հայաստան մտնող կազատարը եւ Հայաստան-Վրաստան մայրուղին:

«Ատրպէյճանը դիւրութեամբ պիտի չընկալէ, որ 25 տարի կազատարին նկատմամբ վերահսկողութիւն ունէր եւ հիմա կորսնցուցած է վերահսկողութիւնը: Ատիկա առանցքային եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար»,- ըսած է Յովհաննիսեան:

Ան նշած է, որ նման տեղեկութիւններ սովորաբար նախարարութիւնը գաղտնի կը պահէ` զինուորներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

«Ատիկա մշտական գործընթաց է, զինուած ուժերը միշտ կ՛աշխատին բարելաւել դիրքային իրավիճակը»,- աւելցուցած է ան:

Նշենք, որ պատմաբան, զինուորական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան դիմատետրի իր էջին գրած էր, որ Հայաստանի Զինուած ուժերը լուրջ յաջողութիւններ արձանագրած են Տաւուշի մարզի հիւսիսային հատուածին մէջ եւ կրցած են աւելի քան 140 հեկտար տարածք ազատագրել, որուն շնորհիւ հայկական ուժերու զբաղեցուցած բարձր դիրքերէն ուղիղ նշանառութեան տակ է Ատրպէյճան-Վրաստան մայրուղին, թիրախային գօտիին մէջ են նաեւ ազրպէյճանական Իքինճի Շըխլը գիւղը եւ գիւղի ամբողջ ցանքատարածութիւններն ու արօտավայրերը: