Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՚ընդունի Հայաստանի Եւ Վատիկանի Դեսպանները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանն ու Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան Դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազենը։

Հայաստանի դեսպանին հետ խօսակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած նիւթերու շուրջ, իսկ Լիբանանի դեսպանին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկային տեղի ունենալիք քրիստոնեայ-իսլամ համագումարին։

Յայտնենք, որ շաբաթ մը առաջ դարձեալ այս ուղղութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցած էր Նորին Սրբութեան եւ Դոկտ. Ալ-Խազենի միջեւ։