Սփիւռքը Ինքզինք Պէտք է Հայաստանի Գործերու Լիարժէք Շահառու Զգայ. Նիկոլ Փաշինեան
Մեր իրականութեան մէջ հատուածականութիւնը պէտք է փոխարինուի համահայկականութեամբ: Օգոստոս 5-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, իր ելոյթին ընթացքին, այս մասին նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է հրաժարիլ այն մտածելակերպէն, երբ իրար կը բաժնենք ղարաբաղցիներու, գիւմրեցիներու, սփիւռքահայերու եւ այլն: Ըստ անոր՝ ասիկա ամենեւին չի նշանակեր, թէ պէտք է հրաժարիլ մեր ծննդավայրէն, ասիկա կը նշանակէ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրի համար մեր ծագումը պէտք է ըլլայ համայն հայութեան մաս դարձնող, այլ ոչ թէ առանձնացնող գործօն:
«Նոյն խնդիրը երկար տարիներ ունինք Սփիւռքի մէջ, երբ հայութիւնը բաժնուած է պարսկահայերու, յունահայերու, լիբանանահայերու, նոյնիսկ հին ու նոր Սփիւռքի, որ երբեմն հակասութիւններու կը տանի: Այս ամէնը չի տեղաւորուիր յեղափոխութեան կառուցուածքին մէջ: Եւ տեղի ունեցած վերջին փոփոխութիւններուն, մասնաւորապէս, Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի հիմնարկի ներդրման գլխաւոր նպատակը ո՛չ միայն հին ու նոր Սփիւռքի, այլեւ Հայաստանի ու Սփիւռքի միջեւ սահմանները ջնջելն է, Սփիւռքը պէտք է իրեն Հայաստանի գործերու լիարժէք շահառու զգայ, ինչպէս կար համահայկական յեղափոխութեան օրերուն»,-ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Յաջորդ կարեւոր դրսեւորումը, ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, պէտք է ըլլայ ուժերու մէկտեղումը ընդհանուր նպատակի իրագործման համար: Իսկ նպատակը հետեւեալն է՝ Հայաստանի, Արցախի զարգացումը բոլոր առումներով՝ անվտանգային, տնտեսական, աշխարհաքաղաքական եւ այլն: Այդ յաջողութիւնները պիտի հզօրացնեն նաեւ Սփիւռքը:
