Գիւմրիի Մէջ Հագուստի Ոլորտին Գծով 5 Միլիառ Դրամի Ներդրումային Ծրագիր

Հայաստան

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան կառավարութեան նիստին յայտնած է, որ «Լենտեքս» ընկերութիւնը 5 միլիառ դրամի չափով ներդրում կատարած է Գիւմրիի հագուստի արտադրութեան ոլորտին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Panarmenian.net-ը։

«Ներկայիս արդէն կատարուած է մօտ 1.4 միլիառ դրամի ներդրում, ստեղծուած է 32 աշխատատեղ: Որոշման ընդունումով ներմուծուող ապրանքներուն ցանկը պիտի փոփոխուի եւ պիտի համալրուի 11 ապրանքատեսակով. կը նախատեսուի ներմուծել 1.78 միլիոռ դրամի չափով ապրանք, պիտի ստեղծուի եւս 32 աշխատատեղ»,- աւելցուցած է նախարարը:

Ներդրումային ծրագիրով նախատեսուած է, որ երեք տարուան ընթացքին ստեղծուի 460 աշխատատեղ՝ 80,000 դրամ միջին աշխատավարձով:

Գործադիրը բաւարարած է ընկերութեան ԱԱՀ յետաձգման արտօնութիւն ստանալու յայտը: