Մուսա Լերան Հրաժեշտի Նշում Եւ Վարդավառի Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

Սփիւռք

Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, հովանաւորութեամբ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հրաժեշտի նշում եւ Վարդավառի տօնախմբութիւն:

Սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք, հաւատացեալ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Մուսա լերան նահատակներու յուշարձանին մօտ, ուր բացումը կատարուեցաւ Մուսա լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւններուն: