Թշնամիին Գնդակէն 33-ամեայ Պայմանագրային Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է

Հայաստան

Երէկ ձախ արմուկէն հրազէնային վնասուածքով Նոյեմբերեանի հիւանդանոց տեղափոխուած է 33-ամեայ պայմանագրային զինծառայող մը: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Յովհաննիսեան նշած է, որ զինծառայողին կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Յովհաննիսեան միջադէպին անդրադարձած է նաեւ իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, նշելով, որ վիրաւորը կրտսեր քսանապետ Վլատիմիր Հայկազի Օսիպեանն է: Ան վիրաւորուած է թշնամիին կրակոցէն: