Ախալցխայի Մէջ Մեծ Շուքով Նշեցին Վարդավառը

Սփիւռք
Յուլիս 28-ին, Հայ Առաքելական եւ Ուղղափառ Սուրբ Եկեղեցին տօնեց մեր տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը, Վարդավառը։

Ախալցխայի եւ Բորժոմիի տարածաշրջաններու հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեան, Սբ․ Պատարագ մատուցեց Ծուղրութ գիւղի վերնամասը գտնուող «Մայր Մատուռ»-ին մէջ։ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը յաւուր պատշաճի մեկնեց օրուան խորհուրդը եւ ներկաները շնորհաւորեց Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով։ Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Պատարագի աւարտին՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առիթով՝ Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութիւնը կազմակերպած էր նաեւ համերգային ծրագիր, որուն կը մասնակցէին Ախալցխայի եւ յարակից շրջաններու բոլոր պարախումբերը։

Ախալցխայի Հոգեւոր Տեսչութեան բարերար՝ Մանուէլ Թորոսեանի հովանաւորութեամբ տրամադրուեցաւ 12 փոխադրամիջոց, որոնք անվճար սպասարկեցին հաւատացեալ ժողովուրդը։

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեամբ հոգեպէս պայծառացած եւ Վարդավառի ջուրով մաքրազերծուած հաւատացեալները վերադարձան իրենց տուները։