Կանայէն Եկած Աշխատողները Պիտի Զբաղին Երեւանի Աղբահանութեամբ

Այլեւայլ, Հայաստան

«Երեւանի աղբահանութիւն եւ սանիտարական մաքրում» համայնքանային հիմնարկի աղբահանութեան բաժնի պետ Աշոտ Ասատրեան ֆէյսպուքի իր էջին մէջ լուսանկար հրապարակած է Կանայէն եկած աշխատողներու հետ:

«Կը համալրուինք Գանայէն եկած աշխատողներով, որ իրականացնենք Երեւան քաղաքի աղբահանութիւնը»,- գրած է Ասատրեան: