Ատրպէյճանական Միկ-29-ը Օդանաւը Կործանուած է

Աշխարհ

Ատրպէյճանի օդուժի միկ-29 օդանաւը կործանուած է: Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երէկ ժամը 22:00-ի սահմաններուն ուսումնավարժական թռիչքներ իրականացնող օդանաւի հետ կապը յանկարծ կտրուած է:

Կ’ենթադրուի, որ օդանաւը իյնկած է կասպից ծով: Օդաչուն որոնելու փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին: Արկածի պատճառը կը հետաքննուի: